Ուրբաթ, 18 Մայիս 2012

«Հրայր Մարուխեան» հիմնադրամը երեք կարեւոր մարզերու մէջ նոր քաղաքականութիւն կը մշակէ

ՏպելԷլ.փոստ

Դասաւորում - Հայաստան-Արցախ

Լուրջ հետազօտութիւններ՝ առողջապահութեան, բնակարանաշինութեան  եւ զբաղուածութեան ոլորտներուն մէջ

Նոյեմբեր 8-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Սոցիալական  բարեփոխումները Հայաստանում» հետազօտութիւններու ներկայացումը, կազմակերպուած՝ «Հրայր Մարուխեան» հիմնադրամի կողմէ, գերմանական «Ֆրիտրիխ Էլբերտ» հիմնադրամի աջակցութեամբ։


«Հրայր Մարուխեան» հիմնադրամի տնօրէն Մարիա Թիթիզեանը, դիտել տուած է թէ հիմնադրամի նպատակներէն մէկը Հայաստանի մէջ տարբեր մարզերէ ներս նոր քաղաքականութեան եւ նոր ռազմավարութեան մշակումն է։
«Ընտրած ենք երեք կարեւոր մարզեր՝ առողջապահութիւն, սոցիալական, բնակարանային ֆոնտ-զբաղուածութիւն, որ ամէնակարեւոր խնդիրներէն են այսօր։ Մեր Սահմանադրութիւնը  կ'ըսէ, թէ մենք սոցիալական երկիր ենք, ուրեմն, որպէս քաղաքացիական հասարակութեան մէկ մասնիկ՝ հիմնադրամը իր վրայ վերցուցած է կառավարութեան օժանդակելու գործառոյթը՝ նաեւ այլընտրանքային տարբերակները լսելի դարձնելու առումով»,- ըսած է  Մարիա Թիթիզեանը։
Համաժողովին մասնակցած են քաղաքական կուսակցութիւններու, համապատասխան նախարարութիւններու, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
Խորհրդաժողովին ընթացքին մասնագէտներ ներկայացուցած են լուրջ հետազօտութիւններ առողջապահութեան, բնակարանաշինութեան եւ զբաղուածութեան ոլորտներուն մէջ: Վեց ամիս շարունակ կատարուած ուսումնասիրութիւններուն իբրեւ արդիւնք, պարզուած է, որ առողջապահութեան ոլորտէն ներս որակեալ, մատչելի առողջապահական ծառայութիւնները տակաւին հասանելի չեն բոլորին:
«Համաշխարհային դրամատունն առաջարկում է, որ հասարակական անապահով մարդկանց բուժօգնութեան բալային սանդղակը հասցնել 30ի. այժմ սահմանը 36 միաւորն է», յայտնած է ԱԺ պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան:
Երեք ոլորտներու գծով հետազօտութիւնները ամփոփուած են 100 էջերու մէջ:
ԱԺ պատգամաւոր Արա Նռանեան եւ գործընկերները, բնակարանային ապահովութեան ոլորտին համար փորձած են գտնել այնպիսի լուծումներ, որոնք պետութիւնը այժմ չի կիրառեր: Արդարեւ, բնակարանային խնդիր ունի 64 հազար ընտանիք, իսկ ընթացիկ ծրագիրներուն մէջ ընգրկուած է միայն 15 հազարը: Մասնագէտները նշած են, որ բնակարանաշինութեան ոլորտին մէջ գլխաւոր գործընկերը պէտք է դառնայ պետութիւնը:
Իսկ զբաղուածութեան ոլորտին պարագային, մասնագէտները կը տեսնեն յառաջընթացի մէկ ուղի։ «Ակնկալել, որ միայն աշխատանքի եւ սոցիալական հարցերի նախարարութեան ջանքերով կարող է զբաղուածութեան խնդիրը լուծուել՝ անիրատեսական է: Հարկաւոր է տարբեր նախարարութիւնների, այսինքն՝ համալիր մօտեցում», ըսած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արսէն Համբարձումեան:

Բացառիկ

Տեսանիւթեր

Նոր տեսահոլովակներ!

Փոխարժէք

Լրատու

Անուն:
E-mail:

Այցելուներ

Այս պահուս մենք ունինք 90 հիւրեր 

κατοχυρώσεις ονομάτων.....