Ուրբաթ, 17 Փետրուար 2012 10:35
Դասաւորում - Հայաստան-Արցախ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախկին նախարար, «Սիվիլիթաս» հիմնադրամի խորհուրդի նախագահ Վարդան Օսկանեան երէկ տարածեց յայտարարութիւն մը՝ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան անդամակցելու մասին:
Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Վարդան Օսկանեանի նախանցեալ օր ներկայացուած դիմումը ընդունուած է՝ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան անդամակցելու համար: Ան այդ որոշումը տուած է, քանի որ համոզուած է, որ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը այլ քաղաքական ուժերու հետ միասին կրնայ քաղաքական մրցակցութեան շնորհիւ ապահովել ազատ եւ արդար ընտրութիւններ, հետեւաբար՝ նաեւ նոր խորհրդարան՝ քաղաքական ուժերու նոր դասաւորութեամբ: