Երկուշաբթի, 20 Փետրուար 2012 10:18
Դասաւորում - Հայաստան-Արցախ
ԼՂՀ անկախութեան հռչակման 20-ամեակին առիթով, անցնող շաբաթավերջին Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ երկօրեայ միջազգային խորհրդաժողով մը իրագործուեցաւ, ուր մասնակցութիւն բերին մեծ թիւով փորձագէտներ, քննարկելու համար անցնող 20ամեակը՝ «Իրավիճակ եւ հեռանկարներ» խորագրով:
Փորձագիտական միջազգային խորհրդաժողովը կազմակերպուած է ԼՂՀ 20ամեակի տօնակատարութիւններու յանձնաժողովի նախաձեռնութեամբ եւ ՀՀ Սահմանադրական Իրաւունքներու կեդրոնի, Հայաստանի քաղաքագիտութեան ընկերութեան մասնակցութեամբ եւ NEWS.am տեղեկատուական-վերլուծական գործակալութեան համագործակցութեամբ:
Նիքոս Լիղերոսի դասախօսական ելոյթը տեղի ունեցած է Ուրբաթ 18 Փետրուարին «Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի շուրջ զարգացումներ եւ հնարաւորութիւններ» խորագրով: Իր ելոյթին մէջ յոյն դասախօսը հիմնականօրէն շօշափած է ռազմավարութեան, ազատութեան եւ Արցախի սահմանադրութեան հետ կապ ունեցող հարցեր: Նիքոս Լիղերոս մաս կազմած է կլոր սեղանի զրոյցի, ուր քննարկուած են տարածաշրջանի եւ միջազգային գետնի վրայ ԼՂՀ դերակատարութեան կապուած հարցեր:
Խորհրդաժողովի աշխատանքներուն առընթեր տեղի ունեցած են այցելութիւններ Գանձասարի վանքային համալիր եւ Տիգրանակերտի թանգարան, ինչպէս եւ համերգային երեկոյ:
Ժողովի մասնակիցները հանդիպում ունեցած են ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ:
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի սրահին մէջ Փետրուար 17ին սկսաւ «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան 20ամեակը. իրողութիւններ եւ հեռանկարներ» նիւթով գիտաժողովը, որուն լիագումար նիստի պաշտօնական բացման կը նախագահէին Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան եւ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան:
Յունաստանի օդային ուժերու ակադեմիոյ Պաշտպանութեան ազգային դպրոցի ռազմավարութեան գծով խորհրդական Նիքոս Լիղերոս, իր ելոյթի պահուն, ԼՂՀ Ազգային Ժողովի դահլիճի ամպիոնէն։
ԼՂՀ Ազգային Ժողովի նախագահի ողջոյնի խօսքը Ղարաբաղեան շարժման 24րդ եւ անկախութեան հռչակման 20րդ տարեդարձներուն առիթով՝ Աշոտ Ղուլեան ողջունեց մասնակիցները եւ իր խօսքին մէջ նշեց, որ 2 Սեպտեմբեր 1991ի որոշումը նոյնիսկ 20 տարի ետք Արցախի ժողովուրդին համար կը մնայ պատմական, հասարակական եւ իրաւական անգնահատելի արժէք:
«Հայ ժողովուրդը երազել է վերականգնել կորցրած պետականութիւնը, ունենալ ազատ, անկախ հայրենիք եւ իր արժանի տեղը զբաղեցնել միջազգային հանրութեան շարքում», ըսաւ Ա. Ղուլեան՝ նշելով, որ Արցախը միշտ եղած է այդ գաղափարներուն կրողն ու ազգային պետականութեան վերականգնման առաջամարտիկը: Ըստ Ղուլեանի, նախորդ դարավերջի աշխարհաքաղաքական զարգացումները կարելիութիւն չտուին իրականութիւն դարձնելու բաղձալի նպատակը՝ ստեղծել միասնական հայկական պետութիւն, որ Արցախին հիմք ըլլայ հռչակելու ինքնուրոյնութիւն, ստեղծելու անկախ պետութիւն: «Անցած երկու տասնամեակներին մենք չենք շեղուել այդ ճանապարհից, շարունակում ենք մեր ընթացքը ժողովրդավարական սկզբունքների հաստատման, քաղաքացիական հասարակութեան կառուցման,
անկախ պետականութեան կերտման ճանապարհին», ըսաւ Ա. Ղուլեան:
Ողջոյնի խօսքեր
Ողջունելով գիտաժողովի մասնակիցները՝ իր ելոյթին մէջ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան նշեց, որ գիտաժողովները ժողովուրդին մօտ ակնկալութիւններ կը յառաջացնեն, իսկ եթէ անոնք չիրականանան հիասթափութիւն կը յառաջացնէ: «Գիտաժողովից ես ակնկալում եմ այնպիսի մտքերի կուտակում, որոնք կ՛ունենան գործնական, իրաւաքաղաքական նշանակութիւն», ըսաւ Գ. Յարութիւնեան եւ կարեւոր նկատեց այն հանգամանքը, որ գիտաժողովը ի՛նչ հարցերու լուծում պիտի առաջադրէ եւ ինչպիսի՛ առաջնահերթութիւններու վրայ պիտի դնէ շեշտը։
Լիագումար նիստէն յետոյ աշխատանքը շարունակուեցաւ երեք բաժիններով՝ «ԼՂՀ անկախութեան իրաւական հիմքերը», «ԼՂՀ-ի տեղն եւ դերը միջազգային գործընթացներու մէջ», «Ղարաբաղեան հիմնախնդիրը որպէս համազգային նշանակութեան խնդիր» թեմաներով։
«Առաջին խնդիրը նա է, թէ արդեօք մենք կը կարողանա՞նք վեր հանել վերջին քսան տարիների դասերը եւ դրանց հիման վրայ որոշակի յստակեցնենք առաջնահերթութիւնները եւ այսօրուայ մարտահրաւէրները, որպէսզի դրանք դառնան վաղուայ լուծումների համար կողմորոշիչներ», ըսաւ Գ. Յարութիւնեան, որուն համաձայն, կարեւորը արցախցիին ակնկալութիւնն է եւ իրադարձութիւններուն նկատմամբ անոր արձագանգը։ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի նախագահին համաձայն, գիտաժողովին ծիրին մէջ կը նախատեսուի հանդիպումներ կազմակերպել ԼՂՀ հանրակրթական դպրոցներուն եւ Արցախի Պետական համալսարանին մէջ՝ նպատակ ունենալով իրազեկ դառնալ երիտասարդներուն մտածելակերպին եւ մտահոգութիւններուն։
«Դա նոր պատասխանատուութիւն է դնելու մեզ վրայ՝ հետագայ աշխատանքների իրականացման գործում», ըսաւ Գ. Յարութիւնեան:
Ողջոյնի իր խօսքը փոխանցեց նաեւ ՀՀ ԱԺ փոխխօսնակ Էդուարդ Շարմազանով, որ մասնաւորապէս նշեց, թէ Արցախը փաստացի անկախ պետութիւն է, որ իր անկախութիւնը նուաճած է Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմին եւ, ի տարբերութիւն Ատրպէյճանի, կը կառուցէ պետութիւն, որ հիմնուած է ժողովրդավարական արժէքներու վրայ։ «Համոզուած եմ, որ արցախեան խնդիրն ունի մէկ լուծում եւ դա Արցախի պետութեան միջազգային ճանաչումն է», ընդգծեց Շարմազանով:
Գիտաժողովին ընթացքին խօսք առաւ նաեւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ազգային ռազմավարական հետազօտութիւններու ուսումնարանի պետ Հայկ Քոթանջեան:
Գիտաժողովի մասնակիցները լսեցին Համպուրկի համալսարանի փրոֆեսէօր Օտտոյ Լիւխտերհանդտի, «Ռեքնում» լրատուական գործակալութեան գլխաւոր խմբագիր Մոտեսդ Գոլերովի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւ
ններու մնայուն հարցերով յանձնաժողովի նախագահ Վահրամ Աթանէսեանի զեկուցումները:
Գիտաժողովի աշխատանքները շարունակուեցան անցնող երկօրեակին ընթացքին։ Ըստ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի նախագահին, գիտաժողովին ընթացքին ներկայացուած զեկուցումները պիտի հրապարակուին Ապրիլի վերջաւորութեան:
Նշենք, որ գիտաժողովին կը մասնակցին միջազգային ճանաչում ունեցող փորձագէտներ, վերլուծաբաններ՝ Ռուսիայէն, Բրիտանիայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Լեհաստանէն, Հոլանտայէն եւ Գերմանիայէն:
Յունաստանէն ներկայ գտնուեցաւ հանրածանօթ փրոֆէսէօր, գրագէտ ու Յունաստանի օդային ուժերու ակադեմիոյ ռազմավարութեան խորհրդական եւ փորձագէտ Նիքոս Լիղերոս, որու դասախօսութիւնը կեդրոնացաւ «Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի շուրջ զարգացումներ եւ հնարաւորութիւններ» նիւթին շուրջ: Իր ելոյթին մէջ յոյն դասախօսը յիշեցուց ներկաներուն թէ ըստ տարածաշրջանային ռազմաքաղաքական ուսումնասիրութիւններուն, ջանքերը պէտք չէ կեդրոնանան միայն Ատրպէյճանի դիմադրութեան այլ նաեւ, ու մանաւանդ՝ Թուրքիոյ։ Նիքոս Լիղերոս իր դասախօսութեան ընթացքին քարտէսներ ցոյց տուաւ, որոնց միջոցաւ փաստեց Արցախի դերակատարութիւնն ու ներկայութիւնը տարածաշրջանէն ներս։