Երեքշաբթի, 21 Փետրուար 2012 11:34
Դասաւորում - Հայաստան-Արցախ
Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլի անցեալ շաբթու մէջ Սամցխէ-Ջաւախք այցելեց:
Նինոծմինտայի մէջ ան կատարեց ոստիկանութեան նոր շինութեան, իսկ Ախալքալաքի Արագովա գիւղին մէջ լեռնադահուկային մարզադպրոցի եւ 300 մեթ երկարութեամբ դահուկային ճանապարհի բացում:
Ախալքալաքէն նախագահը ուղղուեցաւ Ախալցխա, ուր քաղաքի համար հանրային հինգ դպրոցի մէջ բացաւ «ապագայի դասարան», եւ զրուցեց դպրոցի աշակերտներուն հետ: Տուեալ դասարանը յագեցած է համակարգչային վերջին ճարտարագիտութեամբ, պատրաստուած ուսուցիչով, գրագէտ գրատախտակով, որոնց շնորհիւ աշակերտները պիտի կարողանան ունենալ արդիւնաւէտ դասընթացք:
«Տուեալ դասարանին մէջ աշակերտը շատ արագ կը սկսի զարգանալ եւ անոր մօտ կը ձեւա- ւորուի ժամանակակից մարդու մտածելակերպ», ըսաւ նախագահը: