Երեքշաբթի, 21 Փետրուար 2012 11:39
Դասաւորում - Հայաստան-Արցախ
Հայրենի «tert.am» լրատուամիջոցը կը յայտնէ թէ Եւրոպական Միութեան պաշտօնական կայքէջը անդրադարձ ունի Հայաստանի հետ սկսած բանակցութիւններուն շուրջ, նշելով թէ որոշուած է «խոր ու ընդգրկուն ազատ առեւտուրի գօտի» ստեղծել, որպէսզի խթան հանդսիանան Եւրոպական Միութեան արեւելաեւրոպական գործընկերոջ տնտեսական աճին ու ներդրումներուն:
Բանակցութիւնները նպատակ ունին ոչ միայն անդրադառնալ շուկայի մուտքի պայմաններուն, այլեւ նպաստել Եւրոպական Միութեան ու Հայաստանի առաւել սերտ տնտեսական համարկման:
«Ազատ առեւտուրի շուրջ բանակցութիւններու սկսումը շրջադարձային է Հայաստանի հետ մեր առեւտրային յարաբերութիւններուն մէջ: Մենք մուտք կը գործենք նոր փուլ, որը մեր տնտեսական կապերը խորութեան ու յաւակնոտութեան առումով նոր մակարդակի պիտի բերէ», խօսքերով արտայայտուեցաւ ԵՄ Առեւտուրի հարցերու յանձնակատար Քարել տէ Գուխտ: