Չորեքշաբթի, 22 Փետրուար 2012 10:20
Դասաւորում - Հայաստան-Արցախ
ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ֆրանսացի նախկին համանախագահ Պեռնար Ֆասիէ յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կարելի չէ լուծել ռազմական ճանապարհով:
Ըստ ատրպեճանական «Էյ.Էն.Էս.» լրատուական գործակալութեան՝ Ֆասիէ ընդգծած է պատերազմի բացասական հետեւանքները եւ հաւանաբար՝ հազարաւոր զոհերու պարագան: Ան նշած է, որ պատերազմը ամենեւին դիւրին պիտի չըլլայ Ատըրպէյճանի համար: