Շաբաթ, 25 Մայիս 2013

Արցախի առողջապահութեան եւ մշակոյթի բնագաւառներուն մէջ կիներու տիրական ներկայութիւն

ՏպելԷլ.փոստ

Դասաւորում - Հայաստան-Արցախ

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Փան Արմինիըն».-  Ըստ «Արցախի կանայք եւ տղամարդիկ» ժողովածուին, Արցախի բնակչութեան 52.6 տոկոսը կիներ են: Բնակչութեան չամուսնացած հատուածին գերակշիռ մասը կը կազմեն տղամարդիկ՝ 57.5 տոկոս, իսկ ամոաւսնալուծուածներուն մէջ բարձր է կիներուն ներկայութիւնը՝ 73.9 տոկոս:


«Արցախի կանայք եւ տղամարդիկ» ժողովածուին մէջ յստակօրէն կ՛երեւի, որ Արցախի տարբեր բնագաւառներու մէջ կիներու տիրական ներգրաւուածութեան կայ:
2011 թուականին Արցախի առողջապահութեան բնագաւառին մէջ կիներու ներգրաւուածութիւնը եղած է 82 տոկոս, ընկերային-ապահովագրութեան բնագաւառին մէջ՝ 75.5 տոկոս, կրթութեան ոլորտի մէջ աշխատողներուն գերակշիռ մասը եւս կիներ են՝ 80.6 տոկոս, մշակոյթի եւ արուեստի բնագաւառին մէջ՝ 61.1 տոկոս, ելեւմուտքի եւ վարկի բնագաւառ՝ 67 տոկոս: Շինարարութեան, արդիւնաբերութեան ճիւղերու, կառավարման եւ պաշտպանութեան համակարգերուն մէջ մեծ է տղամարդոց թիւը: Այս մարզերուն մէջ կիներու ներկայութեան տոկոսը համապատասխանաբար կը կազմէ 11, 23.6 եւ 20.8:
Ըստ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան առեւտրային բնագաւառի տուեալներուն, հոն նոյնպէս տղամարդոց ներկայութիւնն ու գործունէութիւնը աւելի տիրական են։ Արցախի մէջ գործող իրաւաբաններուն միայն 21.7 տոկոսը կիներ են: Անհատ ձեռնարկատէրերուն 42.8 տոկոսը կիներ են, ինչ որ յառաջդիմութիւն է այս բնագաւառին մէջ։

Share
κατοχυρώσεις ονομάτων.....