Հինգշաբթի, 20 Յունիս 2013

Հ.Յ.Դ. հանդէս կուգայ գիւղի զարգացման ուղղուած յստակ ծրագրով

ՏպելԷլ.փոստ

Դասաւորում - Հայաստան-Արցախ

ՀՅԴ-ի Նախընտրական Բազմամարդ Հանրահաւաք՝ Բիւրականի Մէջ

Հ.Յ.Դաշնակցութեան մարզային հանդիպումները կը շարունակուին: Երէկ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցան Բիւրականի բնակիչներուն հետ:


Հայաստանի Ազգային ժողովի  ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան բիւրականցիներուն ներկայացուց ՀՅ Դաշնակցութեան նախընտրական ծրագիրը, խօսեցաւ գիւղին առնչուող խնդիրներուն մասին, նշեց, որ  մարզին մէջ աւելի քան 3000 աշխատատեղ ստեղծելու կարելիութիւն կայ, ինչպէս նաեւ ընդգծեց մարզային իշխանութիւններու արտօնութիւններու ծիրը ընդլայնելու անհրաժեշտութիւնը:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ պատգամաւորութեան թեկնածու Աղուան Վարդանեան բիւրականցիներուն ուղղուած իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ բնակիչներուն նկատմամբ կիրարկուող ճնշումներուն եւ խօսեցաւ ընտրակաշառքներուն մասին՝  բնակիչները յորդորելով չվախնալ ու տէր կանգնիլ իրենց քուէին:
«Ձեր խիղճի կամքով գացէք ընտրութեան, մի՛ խեղճանաք», բիւրականցիներուն կոչ ուղղեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը:
«Սա մեր նախընտրական ծրագիրն է, այստեղ պատահակն ոչինչ գրուած չի: Մենք այլ կուսակցութիւններին ասում ենք, թող գան բանավիճեն այս ծրագրի շուրջ, բայց չեն գալիս», դիտել տուած է Աղուան Վարդանեանը:
Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները նաեւ   ընդգծեցին, որ կուսակցութեան ծրագիրը  կեանքի կոչուելու պարագային պիտի փոխուի գիւղին մէջ ապրող մարդոց վիճակը եւ պիտի լուծուին անոնց ընկերային խնդիրները:

ԳԻՒՂԱՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ

Մարզային հանդիպումներու ընթացքին ՀՅԴ անդամներու կողմէ ներկայացուած նախընտրական ծրագիրը գիւղացիներու վստահութիւն կը ներշնչէ: Այստեղ, ի տարբերութիւն շատերու, ոչ թէ կը փորձեն հող մշակել սորվեցնել գիւղացիներուն, կամ թելադրել որ գիւղատնտեսութեամբ զբաղին, այլ այդ աշխատանքի ապահովման համար յստակ մեքանիզմ, ծրագիր եւ ժամանակացոյց նշուած է:
«Միշտ՝ 1918 թուականից, ժողովուրդի կողքին ա եղել, թէ՛ իշխանութեան ժամանկ, թէ՛ ընդդիմութեան», Դաշնակցութեան մասին խօսելով յայտնեց հանդիպման ներկաներէն՝ Զարզանդ Սարգսեանը:

Share
κατοχυρώσεις ονομάτων.....