Երկուշաբթի, 20 Մայիս 2013

Թշնամիի Կրակոցները Երեք Հայ Զինուորի Կեանք Խլած Են

ՏպելԷլ.փոստ

Դասաւորում - Հայաստան-Արցախ

Տաւուշի մարզի սահմանամերձ Այգեպար գիւղի դիրքերուն վրայ  26 Ապրիլի երեկոյեան հակառակորդին կողմէ կրակոցներ արձակուած են։ Այգեպար համայնքի ղեկավար Անդրանիկ Այդինեան յայտնեց, որ կրակոցներուն իբրեւ հետեւանք 3 հայ զինուոր սպաննուած է։ «Հիմա գիւղում իրավիճակը կայուն է, կրակոցներն էլ դադարել են», վստահեցուցած է ան:


Որոշ տեղեկութիւններու համաձայն, կրակոցներ լսուած են նաեւ Մովսէս գիւղի կողմերէն:
25 Ապրիլին ատրպէյճանական կողմէ կրակ բացուած է Տաւուշի մարզի Դովեղ գիւղի ուղղութեամբ: Զոհեր եւ վիրաւորներ չկային, սակայն հակառակորդը կրակած էր մանկապարտէզի ուղղութեամբ, վնասած գիւղացիներէն մէկուն պատկանող ինքնաշարժ, պտղատու ծառեր:
Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակէն փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն, ատրպէյճանական կողմը կրակած է նաեւ առողջապահական ինքնաշարժի մը ուղղութեամբ՝ վիրաւորելով երկու անձ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայն, 27 Ապրիլին՝ ժամը շուրջ 04:15ին տեղեկութիւն ստացուած է այն մասին, որ Տաւուշի մարզի Այգեպար-Մովսէս գիւղերուն միջեւ գտնուող ճամբուն վրայ Հայաստանի բանակայինի մը պատկանող «ՎԱԶ 2107» տիպի ինքնաշարժով երթեւեկելու ընթացքին կրակոցներու պատճառով վիրաւորուած է ինքնաշարժի վարորդը, ինչպէս նաեւ երկու այլ զինուորականներ։ Երկու զինուորները մահացած են Բերդի զինուորական հիւանդանոց տանող ճամբուն վրայ, իսկ միւսը՝ հիւանդանոց։

Share
κατοχυρώσεις ονομάτων.....