Ուրբաթ, 24 Մայիս 2013

Բակօ Սահակեան «Ապրիլի 24-ը աշխարհի բոլոր հայերին միաւորում է ընդդէմ չարի ու ոճրագործութեան»

ՏպելԷլ.փոստ

Դասաւորում - Հայաստան-Արցախ

Ստորեւ կու տանք Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի ուղերձը Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակին առիթով:

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Ապրիլի 24-ը մեր ժողովրդի պատմութեան մէջ է մտել որպէս ցաւի ու կոտորածի, զրկանքի ու կորստի օր, որը միաւորում է աշխարհի բոլոր հայերին‘ ոգեկոչելու 1915 թուականի ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերի յիշատակը: Միաւորում է‘ ընդդէմ չարի ու ոճրագործութեան, բռնութեան ու ահաբեկչութեան, որը պէտք է անպայմանօրէն ճանաչուի ու դատապարտուի աշխարհի առաջադէմ մարդկութեան կողմից: Մենք երախտապարտ ենք բոլոր նրանց, ովքեր այսօր մեզ հետ են եւ իրենց ձայնն են բարձրացնում յանուն արդարութեան յաղթանակի:
Մենք այսօր միաւորւում ենք, որպէսզի ասենք‘ հայն այլեւս ուժեղ է ու պաշտպանուած եւ կ՛անի ամէն ինչ, որպէսզի նման հրէշագործութիւններն էլ երբեք չկրկնուեն: Թուրք ժողովուրդը պէտք է մաքրի իր պատմութեան այդ սեւ բիծը եւ սերունդներին ազատի ծանր ու նուաստացուցիչ ժառանգութիւնից: Սա հրամայական է, որից խուսափել չի լինի:

 

Արցախ Արցախահայութիւնը յարգեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան 24 Ապրիլին հազարաւոր արցախցիներու նման այցելեց Ստեփանակերտի յուշահամալիր՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին: Ան լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին նշեց, որ հայութիւնը հիմա կազմակերպուած ձեւով առջեւ կը տանի հայոց պահանջատիրութիւնը եւ Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու միջազգային ջանքերը, եւ այդ ջանքերը պէտք է շարունակէ անկախ անկէ, թէ ե՛րբ այդ ամէնը պիտի աւարտի: Ան յայտնեց, որ եթէ նոյնիսկ ընդունինք, որ ամբողջ աշխարհի երկիրները եւ ժողովուրդները ընդունած են Հայոց ցեղասպանութեան փաստը, միեւնոյնն է, հայոց պահանջատիրութիւնը անով պիտի չաւարտի, անիկա իրաւական, քաղաքական գնահատական է:
Ըստ Աշոտ Ղուլեանի, այն բեկումը, որ տեղի ունեցած է երկու տասնամեակ առաջ, երբ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ջանքերը սկսած են իրար ետեւէ ընդունելի դառնալ աշխարհի խորհրդարաններուն եւ քաղաքական ղեկավարներուն կողմէ, անոնք անպայման պիտի շարունակուին, քանի որ Թուրքիոյ այսօրուան կատարածը ո՛չ միջազգային իրաւունքի, ո՛չ ալ միջազգային յարաբերութիւններու ծիրին մէջ կը տեղաւորուի: Ազգային ժողովի նախագահը շեշտեց, որ հայութեան ունեցած միասնականութիւնը հաստատակամութիւնը շատ կարեւոր հիմքեր եւ նախադրեալներ են, որպէսզի կարելի ըլլայ ոչ միայն առջեւ տանիլ, այլեւ արձանագրել յաջողութիւններ այս պահանջատիրութեան ընթացքին:
Նոյն օրը երեկոյեան տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական եւ Արամ Մանուկեան ուսանողական միութիւններու կազմակերպած ջահերով երթը: Ասկերան քաղաքի եկեղեցւոյ բակէն սկսած ջահերով երթին մասնակցեցան շուրջ 3500 երիտասարդներ:

Share
κατοχυρώσεις ονομάτων.....