Երկուշաբթի, 20 Մայիս 2013

Ռատիօ Արմենիքա

ՏպելԷլ.փոստ

Դասաւորում - Յայտարարութիւններ

Այսօր կը սկսի գործել «Արմենիքա» պարբերաթերթի համացանցային ձայնասփիւռը։


24 ժամուայ անընդհատ սփռումներով, հայկական ձայնասփիւռի նպատակն է ընտիր ե-րաժշտութեամբ ընկերանալ մեր բոլոր հայրենակիցներուն, իրենց աշխատանքի թէ զբօսանքի ժամերուն ընթացքին։ Հայկական ժողովրդային երգեր, արդի ստեղծագործութիւններ եւ հետաքրքրական մեղեդիներ ներառնուած են ձայնասփիւռի ճոխ երգացանկին մէջ։
Կազմակերպիչներու նպատակն է ապագային ճոխացնել յայտագիրը՝ նաեւ ուղիղ եթերով սփռուող երաժշտական կամ տեղեկատուական բաժիններով։
Կարելի է կապ հաստատել համացանցի հետեւեալ հասցէի միջոցաւ.-   www.radioarmenika.gr

Share
κατοχυρώσεις ονομάτων.....