Դասաւորում - Յունահայ կեանք
Երեքշաբթի, 21 Փետրուար 2012 10:46
Երկուշաբթի 1 Փետրուարին Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնի «Զաքարեան-Սարաճեան» զոյգ սրահներէն ներս տեղի ունեցաւ Գոքինիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ կազմակերպուած ամանորի գաթայի հանդիսութիւնը։
Դասաւորում - Յունահայ կեանք
Երկուշաբթի, 20 Փետրուար 2012 11:06
Կիրակի 29 Յունուարին «Ազնիւ եւ Ժի-րայր Ճէնազեան» միջնակարգի Ծնողական Միութեան վարչութեան կազմակերպութեամբ՝ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ, դպրոցի «Աւետիքեան» սրահէն ներս, յոյն լուսանկարիչ եւ արուեստագէտ, երիտասարդ Լէոնիտաս Թումպանոսի հետ, լուսանկարչութեան ասպարէզի գաղտնիքներուն եւ յարակից հարցերու վերաբերեալ:
Դասաւորում - Յունահայ կեանք
Երկուշաբթի, 20 Փետրուար 2012 09:38
Յունաստանի ներկայ տագնապները եւ խնդիրները մէկդի դնելով Թեսաղոնիկէի հայ համայնքը, Համազգայինի «Ղազարոս Սարեան» մասնաճիւղը, համագործակցութեամբ Քաղաքապետարանի, յանձն առին Թեսաղոնիկէի ազատագրման 100-ամեակի առթիւ կազմակերպել «Հայկական Ամիս» ծրագիրը:
Դասաւորում - Յունահայ կեանք
Ուրբաթ, 17 Փետրուար 2012 09:31
Հինգշաբթի 16 Փետրուար 2012-ի առաւօտեան ժամը 8:30-ին, Վարդանանց ազգային տօնին առիթով Նէոս Գոզմոսի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ աշակերտական Ս. Պատարագ, որուն ներկայ գտնուեցան «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» ազգ. վարժարանի եւ «Ա. եւ Ժ. Ճէնազեան» միջնակարգի աշակերտութիւնը,
Դասաւորում - Յունահայ կեանք
Չորեքշաբթի, 15 Փետրուար 2012 11:37
Երկուշաբթի, 13 Փետրուար 2012-ի երեկոյեան ժամը 6.30-ին, Ազգ. Առաջնորդարան այցելութիւն տուաւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան նախագահ պրն. Բակօ Սահակեան։ Անոր կÿընկերակցէին Արցախի առաջնորդ Գերշ. Տ. Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, պետական պատուիրակութիւն մը, Հ.Հ. Յունաստանի դեսպան պրն. Գագիկ Ղալաչեան, դեսպանատան անձնակազմը եւ զինուորական կցորդ գնդ. Սամուէլ Ռամազեան։
Page 1 of 43