Չորեքշաբթի, 15 Փետրուար 2012 10:27
Դասաւորում - Յունահայ կեանք
Սիրելի հայրենակիցներ,
Ինչպէս ծանօթ էք համաշխարհային տնտեսական տագնապ է ամենուրէք։ Ամէն օր ականատես կը դառնանք եւ մեր մորթերուն վրայ կը զգանք սղաճը, գործատեղիներու եւ պաշտօնեաներու կրճատումները, ընկերային հարցեր ու տագնապներ եւ այլազան ու աներեւակայելի խնդիրներ, իսկ աւելի ծանրը՝ որեւէ հեռանկար չ՛երեւիր, գէթ առ այժմ, կացութեան բարեփոխումին։
Յունաստանի մէջ կացութիւնը աւելիով սուր է։ Աննախընթաց տագնապ մը համակած է ամբողջ պետութիւնն ու երկիրը։ Տուրքերու յաւելումը, Եւրոպական պետութեանց օժանդակութիւնններուն հետեւող պայմանաւորումները, ժողովրդային խաւերու ցասումը բռնկումի մղած են յոյն հասարակութիւնը, որ լուծում կը փնտռէ։ Պետութիւնը կը թուի անզօր ըլլալ լուծում ապահովելու, մինչ կը խորանայ պետութիւն-հասարակութիւն ճեղքը, անվստահութեան եւ անհեռանկարային կացութեան խորացումով:
Մենք, իբրեւ Յունահայ համայնք անմասն չենք բնականաբար ընդհանուր այս վիճակէն թէ՛ հաւաքաբար եւ թէ՛ անհատապէս, ինչ որ բնական է, որովհետեւ երկրին մէջ ծայր առած համընդհանուր տագնապը կ'ազդէ իւրաքանչիւր քաղաքացիի եւ իւրաքանչիւր համայնքի վրայ։ Այս բոլորին դիմաց բնականաբար կարելի չէ ձեռնածալ մնալ, ու միայն դիտել խորացող տագնապը եւ, միւս կողմէ, ակնկալել պետական խոստացուած օգնութիւնները, որոնք օրէ-օր կը յետաձգուին անյայտ թուականներով եւ անհիմն պատճառաբանութիւններով...
Բոլորս իբրեւ հաւաքականութիւն պատասխանատուութիւն ունինք եւ մեր գաղութային պատասխանատուութեան համաձայն պէտք է շարժինք, կազմակերպուինք եւ դիմագրաւենք տագնապը։ Հոգեւորականութիւն, Ազգային իշխանութիւններ, կուսակցութիւններ, միութիւններ, կրթական, բարեսիրական, երիտասարդական միութիւններ ու մարմիններ, պէտք է բոլորուինք ի տես այս վտանգին։ Վտանգ՝ որ կը սպառնայ մեր գաղութին։
Երբ կը ձգձգուին, կը կրճատուին պետական յատկացումները մեր հաստատութիւններուն, մեր դպրոցներուն, երբ եկամուտները կ՛առկախուին, գանձումները կը դժուարանան եւ մեր ընթացիկ ծախսերը կը բազմապատկուին, արդիւնքը կ՛ըլլայ այն, որ աննախընթաց տարողութեամբ տագնապ կը ստեղծուի մեր ազգային կառոյցներուն համար։
Այս գաղութը, որ գիտցած է համախմբուիլ համահայկական շատ կարեւոր հարցեր դիմագրաւելու համար, պարտաւորութեան տակ է դարձեալ միախմբուելու՝ այս անգամ իր գոյութեան երթին համար համապատասխան միջոցներ ստեղծելու համար։
Խնդիրը ամենէն առաջ սուր կերպով կը դրուի մեր դպրոցներուն համար։ Դպրոցը, կրթութիւնը, դաստիարակութիւնը, հայեցի կազմաւորումը զերծ պէտք է պահել տագնապի ազդեցութիւններէն։ Այսօրուան աշակերտը, հայ երեխան, պատանին, ամէն գնով պէտք է շարունակէ իր ուսումն ու հայեցի կրթութիւնը հայկական վարժարանի մէջ։
Այս պատճառով է, որ մենք տագնապալի այս օրերուն, որքան ալ ծանր թուի իւրաքանչիւրիս կացութիւնը, բոլորս պիտի մասնակցինք հանգանակութեան։ Պիտի տանք մեր բաժինէն, որպէսզի անցնի այս փոթորիկը։ Պիտի տանք մեր լումայէն, որպէսզի ազգային մեր նաւը դէպի խաղաղ նաւահանգիստ առաջնորդենք։ Պիտի տանք թէկուզ մեր նուազագոյնը արդար ճակտի քրտինքէն, փրկելու համար մեր դպրոցը։ Պիտի տանք անշահախնդրօրէն՝ միագամընդմիշտ յայտարարելու համար բոլորին, թէ դէմ ենք դպրոց փակելու գաղափարին։ Պիտի տանք մեր եկամուտէն, որպէսզի փաստենք, որ մենք տէրն ենք ու միեւնոյն ժամանակ ծառան այս գաղութիւն, Ազգային Առաջնորդարանին, եկեղեցիներուն, դպրոցներուն, կառոյցներուն եւ ժողովուրդին։
Գաղութի իւրաքանչիւր անդամէն կ՛ակնկալուի մասնակցութիւն «Ֆոնէթոն»ի հաւաքական գործին։ Գործ, որ պիտի փաստէ մեր կազմակերպուած ըլլալը, մեր նուիրուած ըլլալը ազգային, հոգեւոր եւ կրթութեան արժէքներուն։
Մենք մեր ուժերով վստահ ենք, որ անամպ պիտի պահենք այս գաղութին երկինքը նաեւ վաղը ու ապագային՝ մեր գալիք սերունդներուն համար։ «Ֆոնէթոն»ը պիտի փաստէ մեր նուիրուածութիւնը, մեր կամքը՝ չընկրկելու դժուարութիւններուն դիմաց ու, մանաւանդ, Մեր ապրելու եւ ապրեցնելու հաւատքը։
Փրկենք մեր դպրոցները։
Առ յաւէտ կեցցե՛ն մեր դպրոցներն ու հայեցի կրթութեան եւ դաստիարակութեան կռուաններն ու դարբնոցները։ Ուստի, ո՛վ հայորդի, մի՛ զլանար ունեցածէդ բաժին մըն ալ հանելու հայ դպրոցի գոյութեան եւ աննահանջ ու հեզասահ երթին համար։
Ազգային Վարչութեան որոշումով Մարտ 4-ին «Ֆոնէթոն» տեղի պիտի ունենայ ի նպաստ մեր դպրոցներուն։ Վստահ ենք, որ ինչպէս անցեալին, նոյնպէս եւ այսօր գաղութը իր ուժերով դարձեալ ոտքի պիտի կանգնի՝ արհամարհելով ամէն տեսակի խոչընդոտ եւ դժուարութիւն։
Սպասելով մեր բոլորի մասնակցութեան
Աղօթարար՝
Խորէն Եպս. Տողրամաճեան
Առաջնորդ Յունահայոց