Ուրբաթ, 18 Մայիս 2012

Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՆԷՈՍ ԳՈԶՄՈՍԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

ՏպելԷլ.փոստ

Դասաւորում - Յունահայ կեանք

Հինգշաբթի 16 Փետրուար 2012-ի առաւօտեան ժամը 8:30-ին, Վարդանանց ազգային տօնին առիթով Նէոս Գոզմոսի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ աշակերտական Ս. Պատարագ, որուն ներկայ  գտնուեցան «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» ազգ. վարժարանի եւ «Ա. եւ Ժ. Ճէնազեան» միջնակարգի աշակերտութիւնը,

ուսուցչական կազմերն ու տնօրէնները, Թաղային Խորհուրդն ու Տիկնանց Մարմինը, ինչպէս նաեւ համեստ թիւով հաւատացեալներ՝ նկատի առած աշխատանգային օր ըլլալը:
Պատարագեց եւ քարոզեց եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Նարեկ քհնյ. Շահինեան: Ս. Խորանին սպասարկեցին միջնակարգի աշակերտներէն՝ Հենրիկ Մալխասեան(բուրվառ) եւ Շանթ Դաւիթեան (քշոց) եւ սարկաւագութիւնը կատարեց՝  Աւետիս Սրկ. Պարսամեան, իսկ երգեցողութիւնը խմբավարեց՝ Պետրոս Սրկ. Պարսամեան:
Պատարագի աւարտին, Տ. Նարեկ քահանայ հայրը ընդառաջելով «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» ազգ. Վարժարանի տնօրէնութեան հրաւէրին, ներկայ գտնուեցաւ վարժարանի սրահը, ուր նախակրթարանի աշակերտները թատերական ներկայացումներով եւ խմբերգներով հարազատօրէն փոխանցեցին օրուար խորհուրդն ու պատգամը:

ԴԻՒԱՆ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ

Բացառիկ

Տեսանիւթեր

Նոր տեսահոլովակներ!

Փոխարժէք

Լրատու

Անուն:
E-mail:

Այցելուներ

Այս պահուս մենք ունինք 59 հիւրեր 

κατοχυρώσεις ονομάτων.....