Ուրբաթ, 18 Մայիս 2012

Թեսաղոնիկէի ազատագրման 100ամեակի տօնակատարութիւններու ծիրէն ներս՝ Ցուցահանդէսի բացումով եւ կլոր սեղանի զրոյցով մեկնարկը կատարուեցաւ հայկական գաղութին նուիրուած ամսուան

ՏպելԷլ.փոստ

Դասաւորում - Յունահայ կեանք

Յունաստանի ներկայ տագնապները եւ խնդիրները մէկդի դնելով Թեսաղոնիկէի հայ համայնքը, Համազգայինի «Ղազարոս Սարեան» մասնաճիւղը, համագործակցութեամբ Քաղաքապետարանի, յանձն առին Թեսաղոնիկէի ազատագրման 100-ամեակի առթիւ կազմակերպել «Հայկական Ամիս» ծրագիրը:


Ինչպէս մամուլով յայտարարուած էր, «Հայկական Ամիս» ծրագրի շրջանակներէն ներս տեղի պիտի ունենան համայնքին վերաբերող դասախօսութիւններ, ցուցահանդէսներ, մշակոյթի վերաբերեալ ձեռնարկներ:
Չորեքշաբթի 15 Փետրուար 2012, երեկոյեան ժամը 19:00-ին մեկնարկը կատարուեցաւ ձեռնարկներու շարքին, քաղաքապետարանի Վաֆոփուլիօ մշակութային կեդրոնէն ներս, դասախօսական երեկոյով:

Յուզումի եւ խանդավառութեան պահեր ապրեցան
զոյգ ձեռնարկներու ներկաները

Ժողովուրդին հոծ բազմութիւնը խօսուն վկան դարձաւ հայ համայնքի կարեւոր եւ յարգալից ներկայութեան Թեղաղոնիկէի մէջ: Նախադէպը չունեցող այս դասախօսական երեկոյին ներկայ էին ոչ միայն հայ ժողովուրդը, այլ նաեւ բազմաթիւ յոյներ: Ներկայ էին նաեւ Ռուսաստանի դաշնութեան հիւպատոս  Ալեքսէի Փափովը եւ փոխանորդը, համայնքի հոգեւոր հովիւ հոգշ. Տ. Սահակ Վրդ. Եմիշեանը, Ատենապետ  պրն. Վարդգէս Գունտաքճեանը, Թաղականութեան անդամներ եւ Քաղաքապետարանէն ներկայացուցիչներ:
Հիւպատոսը մեծ խանդավառութիւն ապրելով իր տպաւորութիւնները փոխանցեց ըսելով. «Մշտապէս լսելով հայ ժողովուրդի եւ հայ համայնքի մասին, ուզեցի աւելի մօտէն ճանչնալ զայն, այսօր տեսնելով այստեղ հաւաքուած ժողովուրդը, լսելով անոր մասին որ կը վկայեն մէկ բան՝ անոր զօրեղ եւ կամեցող նկարագիրը»:
Օրուան դասախօսներն էին՝ Սարգիս Աղապատեան, Կիւլա Գասապեան, Էքաթերինի Քոզաիթի, Իոաննիս Խասիոթիս, Փանտելիս Սաւիտիս, Փաւլոս Ներանծիս եւ Արաքսիա  Գանապետեան:
Իւրաքանչիւր դասախօս յանձն առնելով բնագաւառ մը, խօսեցան Հայաստանի, հայ համայնքի եւ ընդհանրապես հայութեան մասին:
Ս. Աղապատեան խօսեցաւ Յունաստանէն ներս հայ մամուլի պատմութեան մասին, անդրադառնալով անոր ելեւէջներուն, հակիրճ կերպով ներկայացնելով իւրաքանչիւր մամուլը իր կառոյցով եւ խմբագիրներով:
Կ. Գասապեան անդրադառնալով  համայնքի  հայ դպրոցի պատմութեան, ներկայացուց այսօրուան դպրոցին պատկերը, անոր օժանդակող Հայ Գթութեան Խաչի եւ Եկեղեցւոյ կարեւոր դերակատարութիւներու մասին խօսելով:
Է. Քոզաիթին մարդաբանութեան դասախօս է Ամերիկայի մէջ: Վեր առնելով հայրենի բանաստեղծուհի՝ Սիլվա  Կապուտիկեանի «Ընկուզենի» բանաստեղծութիւնը, խօսեցաւ օտար երկիրներու մէջ մարդու կազմաւորման, դիմագրաւած  դժուարութիւններու, ձուլման խնդիրներու մասին: Անոնց կողքին շեշտելով հայ ժողովուրդի աւանդութիւններու, սովորութիւններու եւ ընդհանուր առմամբ մշակոյթի կարեւորութիւնը, ան դիտել տուաւ հայու գործելու անսահման ջանքը, գոյատեւելու անհաւատալի կամքը:
Ի. Խասիոթիս խօսեցաւ հայ համայնքի պատմութեան եւ անոր հիմնադրման եւ կազմաւորման խնդիրներու մասին: Անդրադառձաւ նաեւ անոր ծաւալուն գործունէութեան եւ կարեւոր ներկայութեան, իր համախմբուած միութիւններու գործունէութեան  ճամբով:
Փ. Սաւիտիս յոյն լրագրող մըն է եւ ներկայ ժողովուրդին փոխանցեց այն տպաւորութիւնները, զոր ունցած էր Հայաստան եւ Ղարաբաղ այցելութեան ժամանակ:
Փ. Ներանծիս դարձեալ յոյն լրագրող մըն է: Հայաստանի ճգնաժամի տարիներուն մասնակցած է Յունաստանէն Հայաստան մարդասիրական օժանդակութիւններուն: Տպաւորութիւնները փոխանցելով՝ շեշտեց հայու գործարար, շինարար եւ համախմբուած ըլլալու փաստը, որով հայը միջեւ այսօր կը գոյատեւէ:
Ա. Գանապետեանը հանդիսանալով երիտասարդ սերունդի ներկայացուցիչ, խօսեցաւ իր փորձառութիւններու մասին: Կեանքի պարագաներու բերումով յայտնուելով օտար երկրի մէջ, ան փորձած է հայօրէն գոյատեւել, ինչպէս նաեւ զարգանալ եւ յառաջդիմել, օգտակար հանդիսանալով հայ համայնքին եւ հիւրընկալ պետութեան, մշտապէս հայութեան պատիւը բարձր պահելու ի խնդիր:
Բոլոր դասախօսները իրենց ելոյթները կատարելէ ետք, ներկայ բազմութիւնը հրաւիրուեցաւ հայ համայնքի արխիւներու ցուցադրման, որը համադրած եւ կազմակերպական աշխատանքներ իրագործած էր Մելին Գարաօղլանեանը:  Ժողովուրդի հետաքրքրութիւնը եւ խանդավառու-   թիւնը խօսուն գնահատանքը եղան նաեւ արխիւներու ցուցահանդէսի կապակցութեամբ:
Ապա կատարուեցաւ նաեւ հիւրասիրութիւն,  որուն ընթացքին խօսուեցաւ եւ քննարկուեցաւ օրուան ձեռնարկին յաջողութիւնը, կարեւորութիւնը եւ  գեղեցիկ ներկայացումը:
«Հայկական Ամիս»ը կը շարունակուի Թեսաղոնիկէի մէջ:

Բացառիկ

Տեսանիւթեր

Նոր տեսահոլովակներ!

Փոխարժէք

Լրատու

Անուն:
E-mail:

Այցելուներ

Այս պահուս մենք ունինք 61 հիւրեր 

κατοχυρώσεις ονομάτων.....