Ուրբաթ, 18 Մայիս 2012

«Ա. եւ Ժ. Ճէնազեան» միջնակարգ վարժարանի առօրեայէն

ՏպելԷլ.փոստ

Դասաւորում - Յունահայ կեանք

Կիրակի 29 Յունուարին «Ազնիւ եւ Ժի-րայր Ճէնազեան» միջնակարգի Ծնողական Միութեան վարչութեան կազմակերպութեամբ՝  հանդիպում մը տեղի ունեցաւ, դպրոցի «Աւետիքեան» սրահէն ներս, յոյն լուսանկարիչ եւ արուեստագէտ, երիտասարդ Լէոնիտաս Թումպանոսի հետ, լուսանկարչութեան ասպարէզի գաղտնիքներուն եւ յարակից հարցերու վերաբերեալ:


Երիտասարդ յոյն լուսանկարիչը, վերջերս, Արցախ այցելած ըլլալով, հոն կատարած իր ամբողջ աշխատանքը ներկայացուց աշակերտներուն, հայկական երաժշտութեամբ պատրաստուած  վիտէօ-երիզով մը։ Բացատրեց, թէ ինչպիսի հանգրուաններ ներառաւ իր այցելութիւնը Արցախ եւ իր տպաւորութիւնները բաժնուեցաւ անոնց հետ։ Շատ հետաքրքրական էր տեսնել իր անկեղծ զգացումները եւ խանդավառութիւնը՝ Արցախի ժողովուրդի հիւրասիրութեան  եւ ընդհանրապէս իր ընդունելութեան որպէս արդիւնք։
Լուսանկարչական իր աշխատանքը  ներկայացնելէ ետք, աշակերտները հարցումներ ուղղեցին իր ասպարէզին շուրջ, հարց տալով հիմնականօրէն դիմագրաւուած դժուարութիւններուն եւ իր ներշնչման որպէս աղբիւր ծառայող մեկնակէտին  մասին: Կարեւր էր նաեւ գիտնալ, թէ ինչպէս կարելի է իբրեւ ասպարէզ գործ  գտնել ընկերութեան մէջ։
Աշակերտները հետաքրքրական փորձառութիւն ձեռք ձգեցին այս հանդիպումէն: Անոնց առաջարկուեցաւ նկարչական փորձեր կատարել, իրենց դպրոցի առօրեայէն եւ կամ այլ՝ հայկական կեանքէն ներս, եւ զանոնք օգտագործլ զանազան առիթներով։


Թղթակից

Բացառիկ

Տեսանիւթեր

Նոր տեսահոլովակներ!

Փոխարժէք

Լրատու

Անուն:
E-mail:

Այցելուներ

Այս պահուս մենք ունինք 71 հիւրեր 

κατοχυρώσεις ονομάτων.....