Ուրբաթ, 18 Մայիս 2012

Գոքինիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գաթայի հաւաքոյթ

ՏպելԷլ.փոստ

Դասաւորում - Յունահայ կեանք

Երկուշաբթի 1 Փետրուարին Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնի «Զաքարեան-Սարաճեան» զոյգ սրահներէն ներս տեղի ունեցաւ Գոքինիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ կազմակերպուած ամանորի գաթայի հանդիսութիւնը։


Ձեռնարկը իրենց ներկայութեամբ կը պատուէին շրջանի հոգեւոր հովիւ Տ. Վարագ Աւագ քհնյ. Յովսէփեանը, շըրջանի քաղաքապետը պրն. Եորղոս Իոաքիմիտիս, փոխ քաղաքապետ պրն. Սփիրոս Նիքոլաքաքիս, քաղաքապետական խորհուրդի անդամ տիկին Էլէնի Ռումեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային վարչութիւնը՝ գլխաւորութեամբ իր ատենապետ եղբ. Յարութիւն Խաչատուրեանի, Շրջանային սկաուտական խորհուրդի ներկայացուցիչը, Աթէնքի Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղի կողմէ պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ իր ատենապետ եղբ. Ֆիլիփ Ծերոնեանի, շրջանի Թաղականութիւնը, Հ.Յ.Դ. Կոմիտէն, Հ. Կ. Խաչի, Համազգայինի, Երիտասարդական եւ Պատանեկան միութեան եւ «Զաւարեան» վարժարանի Ծնողական միութեան ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ մարզական լրագրողներ, շատ մեծ թիւով մարզիկներ, սկաուտ աստիճանաւորներ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական  անդամներ ու հայրենակիցներ։
Ձեռնարկի բացումը կատարեց Գոքինիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.ի վարչութեան ատենապետուհի քոյր Ռիթա Յակոբեան:
Ան իր խօսքին մէջ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին իրենց ներկայութեան համար, ինչպէս նաեւ մարզական խումբերուն մէջ մասնակցող  բոլոր մարզիկներուն ու իրենց պատախանատուներուն։ Նոյնպէս սկաուտական ճիւղի աւագ խմբապետին, խմբապետական կազմին, մասնաճիւղի սկաուտական խորհուրդի անդամուհիներուն, որոնք, բոլորը միասնաբար, մարմնամարզի եւ սկաուտութեան ճամբով ազգային գործ կը տանին Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշին տակ։
Քոյրը շարունակելով ըսաւ, թէ վարչութեան ջանքերով, այս տարուայ ընթացքին յաջողեցան «Զաւարեան» կեդրոնի Հ.Մ.Ը.Մ.ի գոց դաշտի յատակատախտակը նորոգել ամբողջութեամբ, ու իրենց ջերմագին շնորհակալութիւնները յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս օժանդակեցին, յաջողցնելու  համար այս դժուար գործը, որ արժեց մօտաւորապէս 10.000 եւրօի գումար մը։ Նոյնպէս շնորհակալութիւն յայտնեց կեդրոնի  խորհուրդին, որ միշտ կ'օգնէ միութեան գործունէութեան։
Յաջորդաբար քոյրը յայտնեց, թէ նկատի ունենալով որ 2011-ին լրացաւ մասնաճիւղի հիմնադրութեան 85-ամեակը, վարչութիւնը որոշեց յանձնախումբ մը կազմել, պատշաճօրէն նշելու համար 85-ամեայ  յոբելեանը եւ այդ  առիթով յայտարարեց յանձնախումբը կազմող եղբայրներու անունները եւ ծրագրուած  ձեռնարկներու շարքը։
Ատենապետուհին իր խօսքը վերջացնելով շեշտեց, թէ շրջանէն ներս Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշին տակ կը գործեն 115 գայլիկ, արծուիկ, սկաուտ, արենուշ, երէց, պարմանուհի, աստիճանաւորներ, խմբապետական կազմի եւ սկաուտական Ծնողական Խորհուրդի անդամներ, մօտաւորապէս 70 մարզիկներ, բոլոր  ճիւղերէն ներս եւ մօտաւորապէս 80 անդամներ, 270 Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու ընդհանուր պատկեր մը կազմելով, որոնք շաբաթական շարժում կը ստեղծեն այս ակումբէն ներս։ Նաեւ վարչութեան անունով խոստացաւ, որ միշտ Հ.Մ.Ը.Մ.ական ոգիով պիտի բարձրացնեն միութեան անունը, եռանդով եւ գործով, Գոքինիոյ շրջանէն ներս, տօնակատարելու համար այլ յոբելեաններ եւս:
Բացման խօսքէն ետք, քոյր ատենապետուհին հրաւիրեց շրջանի քաղաքապետը, ողջոյնի իր խօսքը փոխանցելու։ Պրն. քաղաքապետը ընդառաջելով հրաւէրին՝ շնորհաւորեց բոլոր ներկաները Նոր տարուայ առիթով եւ շեշտեց Գոքինիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 85ամեայ կարեւոր  պատմութիւնը:
Իր խօսքէն ետք եղան պարգեւատրումներ Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբայրներու՝մասնաճիւղէն ներս, իրենց տարած երկար տարիներու աշխատանքին համար. պրն. քաղաքապետի ձեռքով  յատուկ յուշատախտակ ստացաւ եղբ. Յակոբ Խաչիկեանը: Ծառայութեան երկրորդ յուշատախտակը յանձնուեցաւ տարիներու ընթացքին մասնաճիւղի  բոլոր հաշուապահական գործերը սիրայօժար կատարած եղբ. Վարուժան Էլմասեանին: Իր բացակայութեան պատճառով յուշատախտակը ստացաւ իր յարգելի տիկինը՝ Շաքէ Էլմասեանը եւ յուշատախտակի տուչութիւնը կատարեց եղբ. Լեւոն Չերչեան:
Յոյն լրագրող պրն. Անտոնիս Տարզէթասին յանձնուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի յաջորդ յուշատախտակը, երկար տարիներ շարունակաբար յունական մարզական թերթերուն մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզական շարժումին իր անդրադարձներու  կապակցութեամբ։ Նոյնպէս վարչութեան կողմէ ծառայութեան յուշատախտակ յանձնուեցաւ տոքթ. Արթին Պէրպէրեանին, որ տարիներ շարունակ սիրայօժար կերպով ստանձնած է մասնաճիւղի  բոլոր մարզիկներու քննութիւնը: Յուշատախտակը յանձնեց եղբ. Պօղոս Չոլաքեանը։
Պարգեւատրումները շարունակուեցան ֆութպոլի երեք եւ  վոլէյ պոլի երկու մարզիկներու յուշանուէրներու յանձնումով,  իրենց մարզական բարձր  բարոյականի եւ Աթէնքի համալսարաններէ ներս իրենց յաջող մուտքին առիթով:
Գաթայի օրհնութիւնը կատարեց շրջանի հոգեւոր հովիւ Տ. Վարագ Ա. քհնյ. Յովսէփեանը, որ ողջոյնի իր խօսքը  փոխանցեց բոլոր ներկաներուն, գնահատելով մասնաճիւղի 85-ամեայ գործունէութիւնը: Գաթայի օրհնութենէն անմիջապէս ետք,  ատենապետուհի քոյր Ռիթա Յակոբեան բաժնեց  գաթայի  կտորները, ապա հրաւիրեց եղբ. Պօղոս Չոլաքեանը իր խօսքը ուղղելու ներկաներուն: Եղբ. Չոլաքեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի կարեւորութեան  գաղութային-միութենական կեանքէն ներս, յատուկ նշելով Գոքինիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան 85-ամեակը աւելցնելով, թէ միութիւնը արժանի իր տեղը կը գրաւէ յունահայ գաղութէն ներս իր տարած գործունէութեան շնորհիւ: Ան շեշտեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի համաշխարհային պատմութեան մէջ յունահայ գաղութի յատուկ դերակատարութիւնը, երբ Պոլսոյ մէջ 1918-ին  Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութենէն ետք՝ առաջին մասնաճիւղերէն հանդիսացաւ։
«1923ին էր, երբ Աթէնքի մէջ հիմը կը դրուէր Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական կազմին եւ ճանաչում կը ստանար յունական սկաուտական ֆետերասիոնի կողմէ: Այս երկար տարիներուն ընթացքին  Յունաստանի շրջանը ոսկի տառերով պատմութիւն արձանագրած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքէն ներս։ Հիւրընկալած է առաջին ընդհանուր բանակումը, ինչպէս նաեւ չորրորդ բանակումը Աթէնքի մէջ, կազմակերպած է երկու ընդհանուր պատգամաւորական ժողովներ,  սկաուտ ընդհանուր պետերու համագումար, հիւրընկալած է նաեւ 2005-ի համաՀ.Մ.Ը.Մ.ական մրցումները: Յունական սկաուտական ֆետերասիոնին  հետ հիւրասիրած է իր ակումբէն ներս համաշխարհային սկաուտական ընդհանուր քարտուղար պրն. Ժագ Մօրէյօնը, զինք տեղեկացուցած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի  աշխարհասփիւռ գործունէութեան մա-սին, շեշտելով թէ եօթանասուն երկար տարիներ Հ.Մ.Ը.Մ. գործած է հայրենիքէն դուրս: Այդ ջանքերուն շնորհիւ հայ ազգը սկաուտական շարժում պահած է: Պրն. Մօրէյօն յատուկ զգայնութիւն ցուցաբերած էր Հ.Մ.Ը.Մ.ի  սկաուտական հսկայ աշխատանքին հանդէպ եւ տարի մը վերջ էր, երբ համաշխարհային սկաուտութիւնը ճանչցած էր  Հայաստանի սկաուտական կազմակերպութիւնը՝  Հ.Ա.Ս.Կ. ¬ Հ.Մ.Ը.Մ.ը։
Ելոյթը վերջ գտաւ «Յառաջ նահատակ»ով։

Բացառիկ

Տեսանիւթեր

Նոր տեսահոլովակներ!

Փոխարժէք

Լրատու

Անուն:
E-mail:

Այցելուներ

Այս պահուս մենք ունինք 71 հիւրեր 

κατοχυρώσεις ονομάτων.....