Չորեքշաբթի, 25 Ապրիլ 2012 11:34
Դասաւորում - Յունահայ կեանք
Լայնօրէն կատարուեցաւ Աթէնքի մէջ Ապրիլեան 97-ամեակի ոգեկոչական ձեռնարկներու արձագանգումը՝ Youtubeի եւ «Ազատ Օր»ի կայքէջի ու Facebookի մէջ տեղադրուած նիւթերով: Ալեքսանտրուպոլիսէն եւ Թեսաղոնիկէէն հասած լրատուութեամբ, ինչպէս եւ Աթէնքի բոլոր ձեռնարկներու քարոզչական աշխատանքը լայն արձագանգում գտաւ
: Յունական մամուլին եւ համացանցային կայքէջերուն յղուեցան ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբի մամլոյ յայտարարութիւնը, ինչպէս նաեւ յատկապէս պատրաստուած յունալեզու վիտէօ մը, որ հազիւ մի քանի ժամերու ընթացքին արագօրէն սփռուեցաւ համացանցին մէջ: