Դասաւորում - Հայ Դատ
Երկուշաբթի, 20 Փետրուար 2012 11:46
Իտալական Թուրին քաղաքի քաղաքային խորհուրդը միաձայնութեամբ ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Յաւելեալ՝ բանաձեւ ընդունուեցաւ, ուր կոչ կ'ուղղուի Եւրոխորհրդարանին այնպէս գործել, որ Եւրոպական Միութեան անդամ դառնալու յաւակնութիւններ ունեցող Թուրքիան ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, կը տեղեկացնէ novostink.ru-ն:
Դասաւորում - Հայ Դատ
Երկուշաբթի, 20 Փետրուար 2012 11:41
Ընկերվարական կուսակցութեան կողմէ Ֆրանսայի նախագահի թեկնածու Ֆրանսուա Հոլանտը վերահաստատեց իր աջակցութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէական արարք դարձնող օրինագիծի նկատմամբ: Այդ մասին ան յայտարարեց Marianne շաբաթաթերթին:
Դասաւորում - Հայ Դատ
Չորեքշաբթի, 15 Փետրուար 2012 10:35
ՀՅԴ Հայ Դատի գրասենեակը մտահոգուած է
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ Երկուշաբթի, Փետրուար 13ին ներկայացուած 2013ի ամավարկի նախագիծին մէջ առաջարկուած է 19 առ հարիւրով կրճատել Հայաստանին յատկացուելիք տնտեսական օժանդակութիւնը:
Դասաւորում - Հայ Դատ
Հինգշաբթի, 09 Փետրուար 2012 11:04
Թուրքիա պէտք է առերեսուի սեփական պատմութեան հետ՝ հետեւելով Գերմանիոյ օրինակին. այսպէս յայտարարած է Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց, Եւրոմիութեան հարցերով Թուրքիոյ պետական նախարար Էկեմեն Պաղըշի հետ հանդիպման ընթացքին
Դասաւորում - Հայ Դատ
Երկուշաբթի, 06 Փետրուար 2012 09:28
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդը յայտարարութիւն մը տարածած է երկրի Սահմանադրական խորհուրդին հասած Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծի քննարկումին կապակցութեամբ՝
Page 1 of 14