Ուրբաթ, 18 Մայիս 2012

«ՍԱՐՔՈԶԻ ԿՐՆԱՅ ՉՍՏՈՐԱԳՐԵԼ ՕՐԻՆԱԳԻԾԸ» Կ՛ԸՍԷ ԿԻՐՕ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

ՏպելԷլ.փոստ

Դասաւորում - Հայ Դատ

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան երէկ «Ա1+» լրատուական կայքէջին ըսաւ, որ «հաւանական է, որ Նիքոլա Սարքոզի նախագահական ընտրութիւններուն երթայ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքը չստորագրած»:

Ան հաստատեց այն տեղեկութիւնը, որ Ֆրանսայի ծերակոյտի 72 անդամներ կրցած են հաւաքել անհրաժեշտ 72 ստորագրութիւնը եւ օրինագիծը մտցնել Սահմանադրական խորհուրդ: Մանոյեանի համաձայն, Սահմանադրական խորհուրդը մէկ ամիս ժամանակ ունի քննարկելու եւ եզրակացութեան գալու օրինագիծին սահմանադրականութեան հարցով:
«Եթէ խորհուրդը եզրակացնէ, որ Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը հակասահմանադրական է, անիկա պիտի վերադարձուի Ազգային ժողով, որպէսզի վերջինս քննարկէ եւ վերացնէ օրինագիծի հակասահմանադրական կէտերը», պարզաբանեց Մանոյեան:
Կիրօ Մանոյեան ներկայացուց իրադարձութեանց զարգացման երեք դիպաշար: Առաջին՝ Սահմանադրական խորհուրդը կրնայ վճռել, որ օրինագիծը չի հակասեր սահմանադրութեան, երկրորդ՝ կրնայ վճռել, որ օրինագիծի որոշ դրոյթներ կը հակասեն սահմանադրութեան: Երրորդ տարբերակը, ըստ անոր, ամէնէն անցանկալին է՝  Սահմանադրական խորհուրդը կ՛որոշէ, որ օրէնքը ամբողջութեամբ հակասահմանադրական է:

Բացառիկ

Տեսանիւթեր

Նոր տեսահոլովակներ!

Փոխարժէք

Լրատու

Անուն:
E-mail:

Այցելուներ

Այս պահուս մենք ունինք 69 հիւրեր 

κατοχυρώσεις ονομάτων.....