Ուրբաթ, 18 Մայիս 2012

Իտալական Թուրինը ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը

ՏպելԷլ.փոստ

Դասաւորում - Հայ Դատ

Իտալական Թուրին քաղաքի քաղաքային խորհուրդը միաձայնութեամբ ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Յաւելեալ՝ բանաձեւ ընդունուեցաւ, ուր կոչ կ'ուղղուի Եւրոխորհրդարանին այնպէս գործել, որ Եւրոպական Միութեան անդամ դառնալու յաւակնութիւններ ունեցող Թուրքիան ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, կը տեղեկացնէ novostink.ru-ն:


Վաւերացուած փաստաթուղթին մէջ հակիրճ ներկայացուած են 20-րդ դարասկզբի իրադարձութիւնները, հայութեան ջարդերը, անոնք  որպէս Ցեղասպանութիւն նկարագրելով: Նշում կատարուած է նաեւ այն երկիրներու, քաղաքներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու մասին, որոնք պաշտօնապէս ճանչցած են հայ ժողովուրդի նկատմամբ իրականացուած ոճիրը, անոնց շարքին ներառնելով ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու յանձնաժողովը եւ Եւրոպական խորհրդարանը:
Տուեալ բանաձեւով թուրինցիները կոչ ուղղած են բոլոր երկիրներուն, որպէս պարտադիր ազդակ՝ ճանչնալ պատմական այդ իրողութիւնը:

Բացառիկ

Տեսանիւթեր

Նոր տեսահոլովակներ!

Փոխարժէք

Լրատու

Անուն:
E-mail:

Այցելուներ

Այս պահուս մենք ունինք 68 հիւրեր 

κατοχυρώσεις ονομάτων.....