Ուրբաթ, 18 Մայիս 2012

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԳՈՐԾԱԴՈՒԼ

ՏպելԷլ.փոստ

Դասաւորում - Յունական լուրեր

Յունաստանի աշխատաւորական մեծագոյն սենտիքաները ընդհանուր գործադուլ յայտարարած են այսօր, երկրին տրուող վարկերուն փոխարէն պահանջուած զոհողութիւններուն դէմ՝  խիստ բողոք բարձրացնելով:

Գործադուլին մասնակցող աշխատաւորները իրենց բուռն հակազդեցութեան զօրաւոր պատգամը կը յղեն երկրի ղեկավարութեան, որ այսօր կը հանդիպի վարչապետ Լուքաս Փափատիմոսի հետ: Աշխատաւորներ, գործազուրկներ, թոշակաւորներ, սենտիքաներու աշխատակիցներ, համախմբուած դուրս կուգան այսօր 24 ժամուայ գործադուլը իրականացնելու համար: Կէսօրուան ժամը 12ին Սինտաղմայի հրապարակը, խորհրդարանի շէնքին առջեւ, բողոքի ցոյցը տեղի պիտի ունենայ:
Սենտիքաներու վարչութիւններուն կողմէ մամուլին տարածուած հաղորդագրութեան համաձայն, այսօրուայ ցոյցն ու գործադուլը՝ աշխատաւորական իրաւունքներու երկար պայքարի նոր շրջան մը կը բանան, համախոհական կառավարութեան եւ եւրոպական վերահսկողութեան «թրոյքա»ի կողմէ պարտադրուած քաղաքականութեան դէմ:

Բացառիկ

Տեսանիւթեր

Նոր տեսահոլովակներ!

Փոխարժէք

Լրատու

Անուն:
E-mail:

Այցելուներ

Այս պահուս մենք ունինք 62 հիւրեր 

κατοχυρώσεις ονομάτων.....