Ուրբաթ, 18 Մայիս 2012

«Թուրքիոյ Բանակին Մէջ Հայ Կամ Քիւրտ Զինուորներ Ցեղային Խտրականութեան Կ՛ենթարկուին»

ՏպելԷլ.փոստ

Դասաւորում - Թուրքիա-Ատրպէյճան

2011ի Ապրիլ 24ին սպաննուած հայազգի
Սեւակ Պալըքճըի յանցագործը
դարձեալ ազատ է


ՊՈԼԻՍ, ԵՐԵՒԱՆ, «Մարմարա», «Նիուզ».- Զինուորական պարտականութեան ընթացքին սպաննուած Սեւակ Պալըքճըի սպանութեան դատավարութիւնը շարունակուեցաւ, սակայն ատեանը անգամ մը եւս մերժեց մարդասպանը ձերբակալեալ վիճակի մէջ դատելու դիմումը:

Դատաւորը հրահանգած է դատական յաջորդ նիստին կանչել մարդասպանին այն ազգականը, որ վկայ զինուորներէն մէկուն խնդրած էր սուտ վկայութիւն տալ ոճիրին մասին՝ զայն ներկայացնելով իբրեւ արկած: Վկան աւելի ուշ փոխած էր իր վկայութիւնը՝ ըսելով, թէ Սեւակը դիտումնաւոր կերպով սպաննուած էր:
Նշենք, որ Սեւակի զինուորական սպասարկութեան մնացած էր 23 օր, երբ 2011ի Ապրիլ 24ին սպաննուած էր այլ զինուորականի մը կողմէ: Դատարանը առաջին դատական նիստին իսկ ազատ արձակած էր ոճրագործը, որ ներկայ ամբաստանութեամբ կրնայ առաւելագոյնը 9 տարուան բանտարկութեան դատապարտուիլ՝ «անփութութեան հետեւանքով մարդ սպաննելու յանցանքով»:
Միւս կողմէ, Փետրուար 13ին Սեւակին ի նպաստ ցոյց մը կատարուեցաւ «Մազմուլ-Տէր» կոչուած մարդկային իրաւունքներու ու տուժած զինուորականներու միութեան անդամներուն կողմէ։ Միութեան անդամները իրենց ցոյցը կատարեցին Տիարպեքիրի զինուորական բանակատեղիին դիմաց ու պահանջեցին, որ այլեւս վերջ գտնեն զինուորական ծառայութեան ընթացքին պատահած «խորհրդաւոր մահերը»։ Միութեան Տիարպեքիրի մասնաճիւղի նախագահ Իպրահիմ Այ ելոյթ մը ունեցաւ ու յիշեցուց, որ յայտնի դարձած է, թէ Սեւակ սպաննուեցաւ դիտումնաւոր կերպով, եւ թէ ասիկա առաջին կասկածելի մահը չէ, որ կը պատահի բանակին մէջ։ «Այս պարագային Սեւակ հայ մըն էր. ասկէ առաջ մահացածներուն մէջ մեծ թիւով քիւրտեր կային: Մարդիկ, այս երկրին համար իրենց պարտաւորիչ պարտականութիւնը կատարելու ընթացքին իսկ խտրականութեան կ՛ենթարկուին իրենց ազգութեան ու կրօնքին պատճառով, եւ իրենց կեանքը կը կորսնցնեն խորհրդաւոր կերպով։ Այսպիսի մահերը կը ներկայացուին որպէս արկած կամ անձնասպանութիւն, եւ զինուորականները ճնշումներ կը բանեցնեն ականատեսներու վրայ ու սուտ վկայութիւններ կ՛ապահովեն։
Արդարեւ Սեւակ Պալըքճըին պարագան այսպէս պատահեցաւ։ Ականատեսներուն սուտ վկայութիւն պարտադրուեցաւ, կեղծ արձանագրութիւններ գրի առնուեցան։ Հակառակ անոր, որ ուժեղ փաստեր գոյութիւն ունէին, կասկածելի ոճրագործին մասին միջոցներ նոյնիսկ ձեռք չառնուեցան։ Եւ հակառակ անոր, որ այս սպանդը զինուորական գործողութեան հետ կապ չունէր, սպանութեան դատավարութիւնը տեղի կ՛ունենայ զինուորական դատարանի մը մէջ», ըսաւ ան։ Իպրահիմ Այ յիշեց նախապէս մահացած քիւրտ զինուորներու ու Հրանդ Տինքի օրինակները ու ըսաւ, որ ասոնք հայրենակիցներուն վստահութիւնը ցնցող պարագաներ են։ Ան պահանջեց, որ Սեւակին դատավարութիւնը արագացուի եւ պատասխանատուն խստօրէն պատժուի։

Բացառիկ

Տեսանիւթեր

Նոր տեսահոլովակներ!

Փոխարժէք

Լրատու

Անուն:
E-mail:

Այցելուներ

Այս պահուս մենք ունինք 82 հիւրեր 

κατοχυρώσεις ονομάτων.....