Դասաւորում - «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
Երկուշաբթի, 17 Յունիս 2013 09:52
Ձեռնարկներ կան, որոնք արուեստասէր հասարակութեան կողմէ անհամբերութեամբ կը սպասուին:
Դասաւորում - «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
Ուրբաթ, 14 Յունիս 2013 08:08
Լեհաստանի Լվով քաղաքի ամէնէն հին թաղերէն մէկուն մէջ կը գտնուի հայկական մայր եկեղեցին՝ փառաւոր շքեղութեամբ: Եկեղեցին կառուցուած է ԺԴ դարուն, հայ ճարտարապետական հին ոճով եւ Անիի եկեղեցիներու ոճին հարազատ ու գեղեցիկ նմոյշներէն մէկն է:
Դասաւորում - «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
Հինգշաբթի, 13 Յունիս 2013 06:50
- Լիբանանահայ Օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութիւնը, իր օգտաշատ գործունէութեան առանցքը ընդլայնելով՝ գեղեցիկ մտածումը ունեցած է Անթիլիասի հետզհետէ աճող հայաշատ կեդրոնին մէջ կազմակերպելու նոր մասնաճիւղ մը: Անձնուէր հայուհիներ, ընթացք տալով այս մտածումին, արձանագրուած են արդէն, նոր մասնաճիւղի անդամուհիներուն թիւը հասցնելով 70-ի: Հինգշաբթի, 6 Յունիս 1963-ին, Շրջանային վարչութիւնը հրաւիրած էր
Դասաւորում - «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
Չորեքշաբթի, 12 Յունիս 2013 06:11
- Վերջերս, վեհապետը, թագուհիին, իշխանուհի Իրինիին եւ իշխան Միխայիլի հետ մարտանաւով մեկնեցաւ դէպի Այիոն Օրոս, ներկայ գտնուելու համար հազարամեակի հանդիսութեանց։ Թագուհին եւ իշխանուհի Իրինին պիտի մնան մարտանաւին մէջ, կիներու մուտք արգիլուած ըլլալով Այիոն Օրոսի մէջ։ Դէպի Այիոն Օրոս մեկնեցաւ նաեւ գահաժառանգ իշխան Կոնստանդինոս, որ Գոփենհակընէն նոր վերադարձած էր։ Կառավարութեան կողմէ Այիոն Օրոս
Դասաւորում - «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
Երեքշաբթի, 11 Յունիս 2013 06:02
- Խրիմի մէջ տեղի ունեցած է «անկայուն աստղերու» հարցերուն նուիրուած խորհրդաժողով մը։ «Անկայուն աստղեր» կոչուածները, սովորական աստղերուն բաղդատմամբ, ունին փայլի շատ արագ փոփոխութիւններ, որոնց հետ միաժամանակ տեղի կ'ունենան նիւթի հսկայ պայթումներ։
Page 1 of 91