Դասաւորում - Յունահայ կեանք
Հինգշաբթի, 17 Մայիս 2012 10:32
Կիրակի 13 Մայիսին, Գոմոթինիի եկեղեցւոյ կից գտնուող մշակութային սրահէն ներս, գումարուեցաւ Թրակիոյ եւ Մակեդոնիոյ Հայ Գթութեան Խաչի 42րդ Պատգամաւորական Ժողովը, ի ներկայութիւն ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան անդամուհի ընկ. Լիզա Աւագեանի, Հ. Գթ. Խաչի հինգ մասնաճիւղերէն ժամանած պատգամաւորներու, Շրջանային Վարչութեան անդամուհիներու եւ հիւրերու:
Դասաւորում - Յունահայ կեանք
Հինգշաբթի, 17 Մայիս 2012 10:15
«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը շնորհակալութեամբ ստացաւ հետեւեալ հրատարակութիւնները.-
- Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան պարբերաթերթ՝ «Ջանասէր»ի Յունուար-Փետրուար 2012ի թիւը:
- Հայ Աւետարանական ընկերակցութեան «Զհաց մեր հանապազորդ»ի Ապրիլ-Մայիս-Յունիս 2012ի պրակը:
«Ջանասէր»
1937-ի աշնան, Քրիստ. Ջանից Միութիւնը կը սկսի հրատարակել «Ջանասէր» պարբերաթերթը, նախ իբր եռամսեայ, ապա՝ երկամսեայ, եւ վերջապէս՝ երկշաբաթեայ դրութեամբ։
Դասաւորում - Յունահայ կեանք
Հինգշաբթի, 17 Մայիս 2012 09:54
Ծանօթ է բոլորին, թէ երիտասարդ մարզիկ Արա Ճանիկեան Զիու Զիցու մարզաձեւի ախոյեան է եւ մասնակցութիւն կը բերէ հեղինակաւոր մրցաշարքերու։
Դասաւորում - Յունահայ կեանք
Հինգշաբթի, 17 Մայիս 2012 09:42
Ֆլորա Ճէվահիրեան մաս կը կազմէ «Թերփսիթէա» Ղլիֆատաս կողովագնդակի խումբին, որ կը գտնուէր A2 դասակարգին վրայ:
Դասաւորում - Յունահայ կեանք
Երկուշաբթի, 14 Մայիս 2012 09:47
Իրաքլիօ քաղաքի (Կրետէ) պետական դպրոցի տնօրէնութեան եւ Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին ու Հոգաբարձութեան գործակցութեամբ ու տնօրինումով Կիրակի, 29 Ապրիլ 2012-ի առաւօտեան ժամը 10։30-ին եկեղեցւոյ պատարագին ներկայ գտնուեցան դպրոցի 10-րդ եւ 11-րդ դասարանի աշակերտները
Page 1 of 63