Չորեքշաբթի, 22 Փետրուար 2012

Երեք նշխար՝ Շաւարշ Միսաքեանէն

ՏպելԷլ.փոստ

Դասաւորում - Յօդուածագրութիւն

Մեր երէկուան թիւի «Յուշատետր»ի սիւնակով անդրադարձած էինք մայրենիիի մեծ վարպետ, հայ մամուլի անխոնջ ստեղծագործող Շաւարշ Միսաքեանի կեանքին ու գործունէութեան։ Բայց տեղի սղութեան պատճառով միայն կարճ հատուածներ կրցած էինք ներկայացնել հայ մտքի եւ գրականութեան բազմավաստակ երախտաւորին «Յանուն լեզուի անկախութեան ¬ 1» խորագիրը կրող

ուշագրաւ յօդուածէն։ Այսօր ընթերցողին կը ներկայացնենք ամբողջութիւնը հայ հրապարակագրութեան մէջ առանձնայատուկ ներդրում ունեցած ականաւոր հեղինակին յիշեալ գրութեան՝ միաժամանակ տեղ տալով երկու այլ նշխարներու։ Առաջինը՝ Մեծ Եղեռնի կոտտացող վէրքէն ներշնչուած Շաւարշ Միսաքեանի տպաւորապաշտ՝ բոցաշունչ մէկ յուշագրութիւնն է, գրուած Երկրորդ Աշխարհամարտէն ետք, երբ հեղինակը Միջին Արեւելքի հայօճախներուն տրուած շրջագայութեամբ Սուրիա գտնուած էր։
Երկրորդը՝ Շ. ստորագրութեամբ իր հռչակաւոր ու այնքա՜ն սպասուած ամէնօրեայ տոմսերէն նմոյշ մը՝ տառասխալներու ծանր հետեւանքներուն եւ լեզուական նախանձախնդրութեան հրամայականին վերաբերեալ։

ԵՍ ՏԵՍԱՅ ԵՓՐԱՏԸ

Ուրեմն այս ճամբաներուն վրայ...
Այս արտերով։ Այս ծառերով։ Այս քարերով։
Արտերը տեսան։ Ծառերը տեսան։ Քարերը տեսան։
Մենք ոչ իսկ հետքերը տեսանք։
Արտերը լացին։ Ծառերը լացին։ Քարերը լացին։
Մենք այդ սփոփանքն ալ չունեցանք։
Անոնք յոյս մը ներշնչեցին։
Մենք ո՞ւր էինք, այդ օրերուն։

Քիչ մը կամաց, կառավար։
- Տակաւին 60 քիլոմեթրի վրայ ենք։ Այս ինքնաշարժը կրնայ սուրալ ժամը մինչեւ 110-120 քիլոմեթր։
- Կամաց, կամաց։ Տարիներ, տարիներ առաջ, երբ կարաւանները վայրենիօրէն կը քշուէին այս ճամբաներուն վրայ, աքսորականները օրական ութ-տասը քիլոմեթր ալ չէին կրնար քալել։ Կ’իմանա՞ս։ Օրական ութ-տասը քիլոմեթր։ Անօթի։ Ծարաւ։ Քուրջերով ծածկուած։ Ոտքերը արիւնլուայ։ Մէկ օրը մէկ տարուան ծանրութիւն ունէր։ Կ’իմանա՞ս։ Ծնած չէիր դուն եւ անշուշտ չես գիտեր։ Եւ կամ շատ քիչ բան գիտես։
- Բայց գիտեմ, որ այս խճուղին չկար այն ատեն։ Պարզ ճամբայ մըն էր խորտուբորտ, քարքարուտ, յաճախ անանցանելի։
- Ճիշդ ատոր համար ալ տասն անգամ աւելի վտանգաւոր։ Աքսորականներ ուժասպառ եւ բոպիկ։ Խարազան, հրացան։ Բիր եւ քար։ Սպառնալիքներ արիւնածարաւ...
Կամաց, կամաց։ Սա ծառին տակ երիտասարդ մայր մը իր նորածինը թաղեց, եւ ինքն ալ շնչասպառ ինկաւ ճամբան, խարազանը գլխուն։ Չէր կրնար քալել, կարաւանին հասնիլ։ Ծառը դողաց, քարը հառաչեց։ Երիտասարդ մօր վերջին շունչը խառնուեցաւ դաշտին հովերուն, որ կը սուլէին ողբաձայն։ Անդին երեք թշուառներ ինկան դանակին տակ, ի փառս մարգարէին։
Աւելի անդին, հինգ նոր դիակներ։ Ոստիկանները անխնայ տրորեցին հինգն ալ, ի խնդիր դրամի եւ գոհարեղէնի, մնացեալը ձգելով գիւղացիներուն եւ ագռաւներուն։
Եւ ահա նոր արշաւ մը կիներու եւ աղջիկներու դէմ։ Կիներ եւ աղջիկներ չէի՞ն ¬ մեծ մասով ¬ աքսորական բազմութիւնները այս ճամբաներուն վրայ։
- Հաւնածդ առ տար, Ալի՜։ Այս մէկն ալ քեզի, Մեհմե՛տ։ Կ’ուզես երկուքը միասին տար, Սիւլէյմա՛ն։ Ալլահ ու էքպէ՜ր, այս օրն ալ տեսանք...
- Աստուած, Աստուած, դուն ողորմէ։ Երկուքը աչքիս առջեւ մորթեցին։ Երրորդը ահա կը տանին... - Մայրիկ, մայրիկ, չե՞ս տեսներ, կը տանին։ Ախ, օգնութիւն, օգնութիւն... Զմելի՞ մըն ալ չունիք...
Մայրեր գետին փռուեցան արիւնաթաթախ։
Մայրեր խենդեցան լեղապատառ։
Մայրեր, երկինքէն յուսահատ, իրենց ակռաներով բզկտեցին հողը, որպէսզի ճեղքուի, բացուի, դառնայ անդունդ կամ ծով։
Պահ մը դանդաղ։ Աւազակներու խումբ մը կտրեց կարաւանին ճամբան։ Մանուկներ, մանուկներ ցիրուցան, ինչպէս խուճապահար ճնճղուկները հրացանի ձայնէն։ Եւ ծերունիներ, որ մահ կ’աղերսեն Աստուծմէ։ Մարդերէն։ Գազաններէն։
* * *
Աւելի արագ, Օհան։ Քշէ՛։
Ուրուականներ։ Ծառերը լեզու ելած կ’աղաղակեն։ Քարերը կը խօսին։ Դեւերու գլուխներ թուփերուն վերեւ։ Քշէ։ Չե՞ս լսեր ձայները։
ՎԱՐԴԳԷՍ.- Ոստիկանութեան վերատեսուչին գացեր էի, ետ առնելու համար «Ազատամարտ»ի գանձէն յափշտակուած չորս հարիւր ոսկին, ինչպէս խոստացած էին։ «Մենք ալ քեզ կը փնտռէինք», պատասխանեցին, եւ ահա թէ ո՛ւր ինկանք։ Երբ յեղափոխութեան կրակը նետուեցայ, գիտէի, թէ այս էր մեր ճամբան։
ԶՕՀՐԱՊ.- Խումբ մը ոստիկաններ խուժած էին մեր տունը, առաջնորդութեամբ թրքացած հայու մը։ Բողոքեցի, երբ կը փորձէին կաշկանդել զիս։ - «Այսպէ՞ս կը վարուին Օսմ. Խորհրդարանի մէկ անդամին հետ»։ = Այդ օրերը անցան, պատասխանեց թրքացած հայը։ Եւ ահա թէ ո՛ւր կ’երթանք։ Մահէն չեմ վախնար, բայց գոնէ դատէին...
ՎԱՐԴԳԷՍ.- Եթէ այդ քաջութիւնը ունենային, մենք ինչո՞ւ իյնայինք այս ճամբաներուն վրայ։
Այսպէ՛ս։ Խօսեցա՞ն թէ խօսիլ ուզեցին երկու մահապարտները, արիւնկզակ պահնորդներու ժանիքներուն տակ։ Մինչեւ Ուրֆա, ուր...
* * *
Կամաց, Օհան, կամաց։ Գիւղ մը կ’երեւայ։
ՊԱՊ։ Կայան վայրենաբարոյ, ուր տեղացին ալ տասնորդուած կարաւանները կը դիմաւորէր չարախինդ քրքիջներով։ Ուր արիւնի եւ աւարի գիշատիչ ախորժակը նոյնպէս խնճոյքներ սարքել կու տար, դահիճներուն հետ։
Թերեւս որդիները չեն գիտեր ինչ որ տեղի ունեցաւ երէկ։ Բայց հայրե՞րը, որ շարուած են սա պատին տակ եւ ճամբուն վրայ, «էնթարի»ն ժողված եւ աղտոտ համրիչ մը ձեռքերուն մէջ։ «Երանելի օրեր էին», պիտի ըսեն աս ու ան։ Շողիքը բերնին, վաւաշը աչքերուն մէջ։
Այսպիսի տխրահռչակ աւան մըն ալ՝ Դամասկոսի ճամբուն վրայ: Զարտուղի պարագաներ՝ ընդհանուր ներդաշնակութեան մէջ:
Աւելի արագ, Օհան, մինչեւ յաջորդ կայանը:
Մումպիճ: Այստեղ չէ՞ր որ օրն ի բուն կը հառաչէր ու կ’աղօթէր ծերունի հայրապետը:
Արիւնարբու կուսակալ մը հոս աքսորած էր Կիլիկիոյ կաթողիկոսը, որպէսզի արմատախիլ բազմութիւնները չկարենան համախմբուիլ շուքի մը տակ: Որպէսզի կորսնցնեն ամէն յոյս եւ համակերպին անդառնալի հրամանին,- ոչնչացում:
Ծերունին, Մեծն Սահակ, համարձակած էր աղաղակել, ճակատագրական պահու մը:
- Ո՞ւր տեսնուած է այսպիսի արհաւիրք: Հարիւր հազարաւոր անմեղներ ջարդուած... Ուրիշ հարիւր հազարներ սովամահ... Կիներ մօրէ մերկ, եօթը-տասը տարեկան մանուկներով: Աղջիկներ ծախու փողոցներու մէջ: Ո՞ւր է տեսնուած...
- Դեռ աւելին կը տեսնէք, պատասխանած էր հրէշը: Դեռ չէք լսած ամէն բան...
Դեռ չէի՞ն լսած ամէն բան, անոնք որ անցան այս ճամբաներէն:
Մենք լսա՞ծ ենք ամէն բան: Մենք որ չտեսանք այս ճամբաները:
Պատմութիւնը արձանագրե՞ց գոնէ տասնէն մէկը: Այսքան տարիներ վերջը...
* * *
Օ հէ՜յ, գետն է, գետը: Եփրատ:
Դարաւոր հսկան հոսուն, փռուած հազար մեթր լայնքի մը վրայ: Ջուրը պղտոր (միայն Սէ՞նն է պղտոր): Հոսանքը ուժաթափ: Շրջապատը ամայի: Ափերը լպրծուն, պարբերական յորդումներու հետքերով:
Գարնան մինչեւ այստեղ կը հասնի: Սա բարձր ամբարտակն ալ կ’անցնի: Հարեւան արտերը կը դառնան ջրակոյտ: Ո՛վ չէ տեսեր Եփրատին կատաղութիւնը, բա՛ն չէ տեսեր:
Դիմացը՝ թրքական գիւղեր: Եւ երկաթեայ կամուրջ մը, որ երկուքի կը բաժնէ գետը: Սահմանագիծ: Աւելի հեռուն՝ բոյներ դաւադիր:
Ահա թրքական պահականոցը, գլխուն վերեւ՝ մահիկը արիւնազանգ: Երկաթեայ կամուրջին վրայ՝ պահակ մը, որ ման կու գայ սպառնագին, հրացանն ուսին:
Գետափն ենք արդէն ութ-տասը ուղեկիցներով եւ ան դիրք բռնած՝ կ’ազդարարէ մութ ձայնով մը.- Մի՛ մօտենաք:
- Գետը մե՞րն է թէ ձերը, այ մարդ...
Հրացանն է որ կը պատրաստէ պատասխանը, կասկածելի շարժումներով:
- Քանի՞ լուսանկար կրցար քաշել, Կարպիս:
- Յետոյ կ’իմանաս: Ձեռքերդ ջուրը թաթխէ որ հոգիդ զովանայ: Կեցիր սա թումբին առջեւ, հատ մըն ալ փորձեմ:
Նորէն պահակը նշանաձիգ.- Եասա՛ք:
Բիրտ ուժն է որ կը յոխորտայ.- Ես յաղթական, դուն պարտեալ: Ես պետութիւն, դուն ամբոխ աշխարհացրիւ: Ես միջնաբերդ սպառազէն, դուն բեկոր վտարանդի:
- Ո՞ւր էիր դուն, երբ հայերէն կը խօսէին այս լեռները, այս գետերը, այս դաշտերը...
* * *
Ջուրդ ինձ օգնական, Եփրատ:
Ահա դէմ դիմաց: Դուն դարաւոր հեղեղ յորդահոսան, ես՝ աղաղուն տերեւ որ կը դողայ աշնան հովերէն:
Հոգիս քեզ մատաղ, Եփրատ:
Ժողովուրդ մը կար քեզի դրկից, դարակից: Ո՞ւր է:
Ժողովուրդ մը որ կ’օրհնէր քեզ, կը հաւատար քեզի, կը ժպտէր քեզի:
Ժողովուրդ մը այս կամուրջէն անդին: Մինչեւ Տարօն - Արածանի՜: Մինչեւ Բարձր Հայք,- Սրտաձոր:
Եփրատ, գետ ամեհի եւ ապերասան: Աւելի ըմբոստ քան Արաքսը:
Դեւ անսանձ որ կը թաւալիս անդնդախոր ձորերու մէջ, օձապտոյտ գալարմամբ, սարսելով գահավէժներն ահարկու:
Դուն որ ժայռերը կը ճեղքես ահեղագոռ շառաչումներով եւ ջրամոյն կը հարթես ամբողջ տարածութիւններ:
Ի՞նչպէս դարձար մեղսակից գազանաբարոյ մարդոց վատութեան:
Ի՞նչպէս թոյլ տուիր որ բարեբեր ալիքներդ օրերով դառնան գերեզման հազար ու հազար անմեղներու:
Դառնայիր ջրհեղեղ: Պատուհաս: Յաւիտենական անէծք անոնց որ դէպի մահ կ’առաջնորդէին անզէն, անզօր բազմութիւններ:
Մահասարսուռ սաստ հազարամեակի մը համար: Բովանդակ մարդկութեան համար:
* * *
Երբ մայրեր, քոյրեր եւ մանուկներ հողմացրիւ եւ խելագար,
Եւ անոնց ետեւէն՝ ամբոխները արիւնախանձ,
Այրեր կալանաւոր, ձեռքերը կռնակի վրայ կապ երկուքով, երեքով, չորսով,
Եւ մտրակը անոնց գլխուն: Նաեւ կացինը, սղոցը, ուրագը: Ապա քարեր ու գնդակներ տեղատարափ,
Եւ աղաղակները լեղապատառ, որոնք բաւական էին երկինքը երկուքի ճեղքելու,
Ի՞նչպէս ափերդ չդարձան հրաբուխ եւ ջուրերդ լաւա հրահոսան, իրենց դժոխքին մէջ մրկելու համար դահիճները դժոխածին:
* * *
Եփրատ, հանգոյց տիեզերական,
Երբ խուժանը ողջակէզներ կը սարքէր ափերուդ վրայ,
Երբ ամբողջ բազմութիւններ կը քշէր ափերդ ի վար, շաչեցնելով սուր, հրացան, խարազան,
Երբ խառնաձայն ոռնոցներու Սոդոմ-Գոմոր մը դիւային քրքիջներ կ’արձակէր անպատիժ,
Ի՞նչպէս չցամքեցան ջուրերդ, կազմելով անապատ մը հրակէզ:
Կամ խաւարամած անտառ մը լի օձերով, իժերով, գազաններով:
* * *
... Եւ հիմա, Եփրատ, գետ արգասաբեր Հայաստան աշխարհի, այլեւս ամայի.
Ի՞նչ կը բանին ջուրերդ, կամուրջէն անդին:
Կը շարունակուի՞ ջրտուքը,- հօ՜յ, հօ՜յ:
Կա՞ն մշակներ ածուներուն եւ արտերուն մէջ: Դաշտերուն եւ հովիտներուն վրայ:
Դեռ կ’երգե՞ն ծիծեռնակն ու արտոյտը:
* * *
Եփրատ, գետ միջերկրական.
Հարեւաններդ կիրակնօրեայ հագուստ են հագեր արդէն, կամուրջէն ասդին: Ազատութիւն: Հայրենիք: Արեւելքէն արեւմուտք: Մինչեւ ծովափ:
Եփրատ, արքայազուն անժառանգ,
Ժողովուրդ մը կը ծաղկի հարեւան Արաքսի ափերուն վրայ:
Իսկ դո՞ւն: Դեռ երկա՞ր «ի վերայ աւերակաց»: Դէմ դիմաց համատարած ամայութեան, ուրկէ բուերն անգամ խոյս կու տան խուճապահար:
Ե՞րբ կը բացուի խորհուրդը խոժոռ ալիքներուդ որ կը թաւալին սա կամուրջէն վար:
Եփրատ, անգիր պատմութիւն ազգային եւ միջազգային,
Բարութիւն, զօրութիւն, խորութիւն,
Ամբողջ բազմութիւններ կը հալին ձայնիդ կարօտէն:
Ե՞րբ կը շաչեն փրփրադէզ ալիքներդ, իբրեւ շեփոր աւետաբեր:
Ե՞րբ ջուրերդ վերստին կը դառնան օրհնաբեր անձրեւ Հայաստանեայց արտերուն, այգիներուն, ածուներուն:
Լուսացնցուղ շատրուան Ազատութեան եւ Աշխատանքի:

Ապրիլ 1948, Հալէպ

 

ՏԱՌԵՐՆ ԱԼ ՏՈՒՆ ԿԸ ՔԱՆԴԵՆ

Միայն բառերը, ճառերը կամ…սառերը չեն, որ տուն կը քանդեն, այլեւ
 սա մանրուկ տառերը։
Կարելի էր հարիւրաւոր օրինակներ յիշել միայն հայկական մամուլէն։
Հայերէն գիրքերն անգամ վրիպակներու ցանկ մը ունին, իբրեւ պոչ կամ կոտոշ։
Իսկ օրաթերթերու մէջ սպրդած վրիպակները հատոր մը կրնան կազմել։ Նոյնիսկ եթէ միայն մէկ տարուան հաւաքածոն թղթատենք։
Այս մեղքէն ազա՞տ են եւրոպական եւ ամերիկեան թերթերը, որոնց մեծ մասը հարիւրաւոր խմբագիրներ եւ սրբագրիչներ ունի։
Հարցումին պատասխանած կ’ըլլամ, արձանագրելով շռնդալից վրիպակ մը, որ կը զբաղեցնէ նոյնիսկ… Մոսկուան։
Պրիւքսէլի համայնավար թերթը, Տրափօ Ռուժ (Կարմիր Դրօշ) Դեկտ. 21ին գրութիւն մը հրատարակած էր ընդհ. քարտուղարին ստորագրութեամբ.
Եւ ընթերցողները ապշութեամբ կը կարդային հետեւեալ նախադասութիւնը.
- «Խ. Միութեան մէջ ո՛չ տեւական խաղաղութիւն կայ, ոչ ալ յոյս՝ աշխատաւորներուն համար»։
Սրբագրի՞չը խենթեցած էր թէ տողաշարը։ Կամ երկուքը միասին գինովցե՞ր էին, առանց սպասելու Ծնունդին եւ Կաղանդին։
Շուտ պարզուեցաւ գաղտնիքը։ Մէկ հատիկ տառ վեր ի վայր շրջած էր ամբողջ նախադասութիւնը։
Ընդհ. քարտուղարը գրած է եղեր.- Սան լ’Իւ. Էռ. Էս. Էս. (առանց Խ. Միութեան)։ Մինչդեռ տպուեր է Տան լ’Իւ. Էռ. Էս. Էս. (Խ. Միութեան մէջ)։
Եւ միտքս ինկան շարք մը պատմական վրիպակներ՝ Պոլսոյ մամուլէն։
Միայն մէկով գոհացէք այսօր։

Համիտեան շրջանին, Թուրքերը յիշատակարան մը կանգնած էին Պոլսոյ մէջ, ի պատիւ Վիլհելմ կայսեր այցելութեան։
Օրուան թերթերէն «Մանզումէ» հանդէսը նկարագրած ատեն, կը գործածէ նոր բառ մը - յիշարձան։
Խմբագրին չար բախտէն, բառը դրուած կ’ըլլայ տողին սկիզբը - ինչպէս քիչ վերը - «յ» տառը իյնալով, կը տպուի… իշարձան։
Մնացեալը թող Տէր Յակոբեանը պատմէ։

28 Դեկտ. 1949

 

ՅԱՆՈՒՆ ԼԵԶՈՒԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ¬ 1

«... Էս ա պատճառը, որ մեր լեզուի կէսը Թուրքի ու Պարսից բառ ա»։
Խ. ԱԲՈՎԵԱՆ ¬ «Վէրք Հայաստանի»

Արտասանութեան կտոր մը կը ճանկռտէ միտքս, ամէն անգամ, որ կ’որոճամ այս նիւթին վրայ.
-«Հազար տարիներ եւ մինչեւ այսօր Թաթարն է թառել մեր կրծքի վրայ»։
Ամէն մէկուն համար տեսանելի, շօշափելի են եղած քաղաքական գերութեան հետեւանքները, - յարատեւ զարհուրանք։ Յորդահոսան արիւն եւ համատարած աւեր։ Բռնագաղթ եւ արտագաղթ։ Իսլամացում եւ կազմալուծում։ Քայքայում համրանքի եւ միութեան։ Մղձաւանջ դարէ դար։ «Հազար տարիներ եւ մինչեւ այսօր»։
Իսկ հոգեկան աւե՞րը։ Եւ այն լեզուական խառնածին խնամութի՞ւնը, որ կը տեւէ մինչեւ այսօր, խաթարելով մայրենի բարբառին դիմագիծը եւ ներդաշնակութիւնը։
Տասնեակ մը տարիներ առաջ, Լեւոն Շանթն ալ կ’ողբար, արտասահման տպուած գրքի մը մէջ.
      -«…Եթէ ասոր վրայ աւելցնենք, որ Կովկասի մէջ մինչեւ այսօր ժողովուրդին բերանը լիքն է թաթար բառերով, ոճերով, երգերով ու կատակներով, իբրեւ հետեւանք դարաւոր տիրապետութեան, կը ստանանք այն լեզուն որ հիմա կը խօսուի եւ օր օրի խեղճանալու եւ խառնակուելու վրայ է»։ (Մեր Անկախութիւնը, էջ 269)։
Դժբախտաբար միայն խօսուած լեզուն, այսպէս կոչուած «ժողովրդական»ը չէ աղճատ ու խառնակ։
Գրաւորն ալ հարս-փեսայ դարձած է թուրք-թաթար լեզուական ընտանիքին հետ, կնքահայրութեամբ մեծատաղանդ գրագէտներու եւ բանաստեղծներու։
Կ’ըսես իւրաքանչիւր գրիչ ուխտած է դէզ մը թաթարաբանութիւններ փոխանցել յաջորդ սերունդին, սրտառուչ հաւատարմութեամբ։

* * *
«Հազար տարիներ եւ մինչեւ այսօր…»։
Հազար շատ է, անըմբռնելի եւ անմատչելի։ Առնենք միայն վերջին հարիւր տարին, սկսելով Աբովեանէն, չափելու համար խորութիւնը խաթարումին։
Աբովեան յանդուգն փորձ մը կատարեց ժողովուրդին մօտենալու, անոր համար մատչելի լեզու մը մշակելու։ Կովկասը նոր էր թօթափեր Շահերու եւ խաներու վայրենի լուծը։ Այդ խաւարակուռ եւ արիւնազանգ շրջանին, տէրտէրն ու վարդապետն անգամ այնքան տգէտ են որ, «շատի փորում հինգ օր ման գաս, մէկ այբի կտոր չես գտնիլ»։ Կամ եթէ գրաբար գիտեն, այնքան խրթնաբանութիւններ կը մրոտեն, «որ սատանէն էլ միջիցը մէկ բառ չի կարող իմանալ, հասկանալ»։
Ուրեմն կրնաք պատկերացնել բուն ժողովուրդին մտաւոր մակարդակը։ Ճիտը ծուռ, խարազանը միշտ գլխուն, լեզուն կարճ, - այդ հալածական բազմութիւնը բնականաբար պիտի իւրացնէր բռնակալ իշխանութեան ե՛ւ լեզուն, ե՛ւ բարքերը։ Ի՜նչ դպրոց եւ ի՜նչ մայրենի լեզու, երբ չէր գիտեր թէ յաջորդ օրը ո՛ւր պիտի արթննար։ Պիտի արթննա՞ր թէ գետին փռուած, փոշիացած պիտի ըլլար տունով-տեղով։
Աբովեան փորձեց ու յաջողեցաւ։ Եւ մենք հարիւր տարիէ ի վեր գուրգուրանքով կը կարդանք «Վէրք Հայաստանի»ն, ինչպէս «Պարապ վախտի խաղալիք»ը։ (1841)։
Աբովեան թանկագին ժառանգութիւն մը ձգեց։ Յաջորդ սերունդներուն կը մնար բան մը նորոգել, թարմացնել, մակաբոյծ բոյսերը յօտելով, չորցած տերեւներն ու ծաղիկները թօթուելով, որոմը ցորենէն զատելով։
Ի՞նչ կը տեսնենք աւելի քան հարիւր տարի վերջը։ (Հարցը միայն լեզուի մասին է, բառ եւ ոճ)։
Նախ ծաղկեփունջ մը՝ Աբովեանի ժողված եւ ցանած «ժողովրդական» բառերէն (Տես «Վէրք Հայաստանի» եւ «Պարապ վախտի խաղալիք»). -

Վախտ, ազիզ, մուրազ, սհաթ, դարդ, չօլ, հասրաթ, չունքի, ջաւահիր, բազի, ախր, մասալայ, հունար, բօյ, քոռանամ, գիւլլէ, ումր, չարէ, փանջարա, մէյդան, ջիկեար, տինջանալ, էթիմ, ջան (ա՜խ, մանաւանդ ջան), քոս, խանջալ, ջիւան, սաղ սալամաթ, զոր անել, զոր տալ, ախմախութիւն, բէզարիլ, բէզարած, չիբուխ, լազաթ, չայ, դուշման, ղարիբ, համքեար, թաք (թէք ), ղուշ, ալմաստ, եագութ, չարսաֆ, բաղ, չոքել, խալխ, ղալմաղալ, ղութի, ջեբ, դաւար, թիմարել, չախմախ, քեալա (քէլլէ = գանկ), եօրղան թէժանալ, բօղազ, բօզ (գորշ), ի՞նչ խաբար ա, բալքի, խարաբ, զուլում, ղորդ, քեար, հայրաթ, դուզ ( տիւզ = շիտակ), եօլա գնալ, սուրու, ատաթ, ջիգր, ղուրբան, չադր, բիւլբիւլ, փայ, լաշ, քուրսի, փոշմանիլ, խաթայ բալայ, եախէ, հիսաբ, քարվան, թասիբ, ափալ թափալ, արաղ, մազայ, չօբան, մալ, հալալ, հարամ, սարսաղ, եաբանի, հայվան, խասիաթ, նազար, քիսէ, սուրահի բոլը, ղալամ, թվանք, ղվաթ, ասլան, հարամի, ջուղաբ, չինարի բոյ, խալիչայ, նալ, քուրք, թոզ, շախայ, բարաքեաթ, օղլուղաշ, քահրըբար, մարջան, նալաթ, ջվալ, թամբալ (ծոյլ), չոփ, դիւգան, թամահ, ջհանդամ, զահրումար, քրեհ, ղոնաղ (հիւր), սաբր արա, հալբա
թ, եարաբ, դովլաթ, դրուսդ, զոռ, ջամըհաթ (ճէմաաթ ), եսիր, բօշ, եարալու, չանաղ, անջախ, թութուն, աղլուխ, ուստա, ղարաղ, թամաշա, ղոչաղ, հալ, օյին (նաեւ օյինբազութիւն ), ռաստ գալ, թարս (թարսիր, կը գրէր Մ. Վարանդեան, ձեռագիրներուն վրայ = միւս երեսը դարձուր), քօք, ղալաթ (խալթ, - «ղալաթ էք արալ», կը պոռար Յ. Շահիրկեան ճառերու կամ յօդուածներու մէջ), մուհտաջ, զահմաթ, ղայիմ, լագան (լէյէն, կոնք), մարիֆաթ, բաս մտնել (պէս = գրաւ), ռեխ, սալտաթ, բրիշակ (փէրուշան), փահլիւան, մուլք, մուռտառ, ումուտ, ֆռսանդ (ֆրսաթ = առիթ), հ արամզադա, արանք, արանքումը, թախտ, բայղուշ, վաթան, ռուշվաթ, քիւլֆաթ, բաղջա, բոստան, սըխ, մասխարկութիւն, նաղլ անել, ափաշկարա, դրստել, ռանջպար, փէշքաշ, թամամ, ֆարաջայ, զաւթել, ղուլ, իկիթ, աղսախկալ, չարխ, նաֆաս, հէչ, ամանաթ, բոլ (առատ) խարջ, լայաղ, իշտահ, փալան, ջառըմէ (ճէրիմէ ), կոպակ (քէօփէք = շուն), բարաքեաթ (պէրէքէթ), դուդուկ, թազա, բախկալ (պագգալ ), բազի անգամ, ֆիքր անել, չարուխ, բարըշել, չոլախ, սուրու, խանդակ, չանա (չէնէ), մահանա, դասթէ, գիւնահ, եւայլն, եւայլն։
  
Արդ, Աբովեանէն 50, 60, 80 կամ 100 տարի վերջն ալ, այս բառերն ու ոճերը տնավարի նստած, ձիւթ կը ծամեն արեւելահայ գրականութեան եւ բանաստեղծութեան անդաստանին մէջ։
Առէք հին եւ նոր սերունդի ամէնէն տաղանդաւոր բանաստեղծներն ու գրագէտները, ցարական շրջանէն մինչեւ խորհրդայինը, ալեւոր յոբելեարներէն մինչեւ նորափետուր երիտասարդը։ Մատի վրայ կը համրուին անոնք, որ պարտք սեպած են խուսափիլ թաթարաբանութենէ, իրենց այս կամ այն արտադրութեան մէջ։
Իսկ ամէնէն վրդովիչը, - բանաստեղծ թէ գրագէտ իրենց հեղինակութեանց մէջ միայն ժողովուրդի զաւակներու խօսակցութեանց առթիւ չէ, որ ազատ ասպարէզ կուտան թաթարաբանութեանց, այլ եւ զանոնք անփութօրէն կը խառնեն իրենց սեփական նախադասութեանց։ Տեսակ մը կարկտուք։
Շատեր կը կարծեն թէ մեղրի համ կուտայ այս խառնուրդը։ Իրականին մէջ, սխտորի հոտ կուգայ այնքան հարազատ, գեղեցիկ տողերու մէջէն։
 Շարք մը օրինակներ, ցիրուցան եւ պակասաւոր, բայց բաւարար՝ գաղափար մը տալու համար։
Չեմ գիտեր ոտանաւորի մէջ ո՞վ կոտրած է թաթարաբանութեանց մրցանիշը։ Բայց, անկասկած առաջին աստիճանին վրայ տեղ ունի Ա. Իսահակեան (Հայ Գուսան). -

Դուման սարեր , դարդլու սարեր ,
Դարդ ու դուման մեր վաթան.
Ա՜խ, գլուխըս քո ուղուրին,
Ա՜խ, մեր անուշ մէր – վաթան։ (Ազիզ մէրիկ)։
Ջարդենք փշրենք դուշմանին,
Ջան, տղերք , ջան, զարնենք, զարկուենք
Մեր վաթանի ուղուրին։
Ճիշդ ինչպէս պիտի ըսէր թուրք աշու՛ղն ալ, -«վաթանըմըզըն ուղուրընա»։
Թղթատեցէք նոյն հեղինակին «Երգեր ու Վէրքեր»ը, եւ ժողովեցէք որքան որ կ’ուզէք.-
... Եարիս տարան, ջանիս տարան ,
Հունգուր-հունգուր կուլամ ես։
Սըրտիս սաւտէն, խորունկ եարէն…
... Բէզարած ջանիդ ղուրբան ,
Ծըտից թեւ առ, թէզ արի։ (Մաճկալ)
Ա՜խ, իմ դարդըս, ջա՛ն Ալագեազ ,
Իմ դարդին պէս հէչ չկայ։ (Ալագեազ)
... Սիրեցի եարիս տարան, եարա տուին ու տարան։

Նոյն հեղինակը միայն երեք թուրքերէն բառ ունի «Է՜յ, ջան, Հայրենիք»ի մէջ, որ կը բաղկանայ չորս տունէ, - ջան, դարդ եւ Ազիզ։ Որքան հարազատ՝ ամբողջութիւնը.
Երնէ՜կ ունենամ հազար ու մի կեանք,
Հազարն էլ սըրտանց քեզ մատաղ անեմ։
Ըսէի՞նք, մեր վարժապետին պէս, թէ «կամենալը կարենալ է»։ Երբ ներշնչումը, ճաշակն ու արուեստը չեն պակսիր, մայրենի բա՞ռն է, որ պիտի դաւաճանէ, իր տեղը ձգելով խորթ բոյսի մը։
Ժողովրդական ե՞րգ, անխառն հայերէն։ Քաղցրանուագ Ղ. Աղայեանն է, որ կ’երգէ.
Սարի լանջն է մահճակալ,
Չեչոտ քարը՝ գլխակալ.
Մի հին կապերտ ուսերին, -
Այս է հովուի անկողին։
Պիտի կրէի՞ք նոյն անուշ տպաւորութիւնը, եթէ «Տորք Անգեղ»ի հեղինակը գրէր, ծոյլ սովորամոլութեամբ. -
Սարի փէշն է թաք եաթաղ,
Չեչոտ քարը բարձ, քալբաղ,
Մի խալիչա ուսերին.
Այս է չօբնի անկողին։
Թէեւ Աղայեանն ալ ունի վրիպումներ, թերեւս պատկերը խտացնելու կամ յանգ յարմարցնելու համար, օրինակ՝ Ճախարակի երգին մէջ. -
Դեռ հարս էի որ գործեցի
Քանի կապերտ խալիչա,
Բայց դրանցից շուտ զրկուեցի,
Հիմա չունիմ մի քէչա։
Ո՞վ է երգեր «Զանգին», միայն «դարդ» ու «եար» խառնելով տողերուն, բայց տող մը կէս առ կէս տաճկցնելով.-
Ճիչ արձակիր, ժայռը դողայ,
Բալքիմ (պէլքի) բանտը ջանիս թողայ։

Յովհ. Յովհաննիսեան, բաղդատաբար բծախնդիր, տեղ մը կ’աղաղակէ (Օրը մթնեց).-
Ա՜խ, ո՞ւր ես դու, ա՜յ անջիգեար։
Եթէ «ջիգեար»ը իրմէ առաջ եւ վերջը նուիրագործուած չըլլար, անշուշտ բանաստեղծը պիտի չանճրկէր, բուն բառը գտնելու համար։
Ո՜րքան ժողովրդական եւ հարազատ՝ Սմբատ Շահազիզի երգերէն Աղջկայ երգը, Սեւորակ աչերը, Առաջին սէրը, եւլն.։ Տուն մը, օրինակ, «Մահամերձ Հայրենասէր»էն. -
Ազնիւ ընկեր, մեռանում եմ,
Բայց հանգիստ եմ ես հոգուով.
Իմ թշնամիքս ես օրհնում եմ,
Օրհնում եմ քեզ Աստուծով։
Մինչ Ա. Ծատուրեան, թէեւ ուշադիր, կարծես չի կրնար դիմանալ ընդհանուր հոսանքին։
Այսպէս, «Ղարիբին երգը», որ կը սկսի «օխտը տարով, օխտը սարով», կը ճուայ խառնաձայն.
... Ընկած խալխի դռներին. - հող ու ջրիդ ես ղուրբան. - Դուրսը մեռնի, չօլում կորչի։
Ա. Ահարոնեան մատնանշուած բոլոր բառերն ալ կը գործածէ տարօրինակ առատաձեռնութեամբ, արձակ թէ ոտանաւոր։ Չէ՞ք յիշեր «Նազէի Օրօր»ին մէջ. -
Ծըլիր, բօյ քաշիր, բօյիդ ես ղուրբան.
... Քընիր ու աճի՛ր, թիկունքիդ ղուրբան։
Դէ՜հ, շուտ , բօյ քաշիր, ես շատ եմ լացել։
Իսկ եթէ քրքրէինք իր այնքան ճոխ, բազմերանգ արձակը, ո՜րքան թուրք-թաթարական յարդ ու թեփ՝ իր նախադասութեանց մարմնին վրայ.-
Բօստան, հայվան, մալ, բօյ, չօբան, խարաբ, քամբախ, ջահելութիւն, ջիբ, դաւթար, թոբայ եմ արել, քելեխ, դիւգան, փայ, փոշմանել, դարսել, եւայլն։
Որ եւ է ունեւորի բոստանն էր պահում։ - Սաքօն փոշմանել էր այս զրոյցի համար. - Երեկոյ էր երբ Կոլոտ Յակոբ իր դաւթարում նշանակում էր («Ղէղօի Արտը», տպուած արտասահման)։
(Ահարոնեան իր առաջին գործերուն մէջ, «Պուտ ըմ կաթ», «Փշուր ըմ խաց», եւայլն, գրուած 1895-1896ին, թուրքերէն բառերը կþառնէ չակերտի մէջ,- զուլում, եթիմ, եսիր, ջինս, եթիմութիւն, օլուղ-չօջուղ, եւլն.։ Երեւի այնուհետեւ ինքն ալ դասականացա՜ծ կը համարի զանոնք, միւս բոլոր գրագէտներուն պէս)։
Տիկին Շուշանիկ Կուրղինեան, որ հռչակ հանած էր իբրեւ բանուորական բանաստեղծ, անխտիր կը հոլովէ բոլոր «դարդ»երն ու «դարդլու»ները եւ մնացեալը։ Ո՜րքան հարազատ հետեւեալ տունը (Արծիւն ու Աղջիկը). -
Ժէռ քարափին արծիւ նըստաւ,
Արծիւ նըստաւ ու երգեց.
... Էդ աչքերըդ՝ ինձ սեւ գիշեր,
Ժըպիտըդ՝ վառ արեգակ։
Եւ սակայն, կը հեւայ կէս ճամբան.
Եարաբ, թըռչիլ հէչ չը գիտե՞ս ,
Եարաբ կեանքում հէ՞չ ուզած չես։

Նոյն անճոռնի խնամութիւնը՝ «Հայրենիքի կարօտ»ին մէջ.
Դարդլու աշուն, սարէն իջաւ ,
... Ա՜յ կռունկներ, խաբար չունի՞ք .
... Ղարիբ-ղուրբաթ երկիր եկայ, եւլն. ։
Եւ այսպէս բոլորը,- Պռօշեանց, Րաֆֆի, Լէօ, Արծրունի, Շիրվանզադէ, եւլն. ։ Գրագէտէն, վիպագիրէն, խմբագիրէն, վարդապետէն, պահպանողականէն մինչեւ քսանամեայ կարմիր պուէտը։
Յովհ. Թումանեան բուռ բուռ կը ցանէ իր քերթուածներուն մէջ, առանց անհրաժեշտութեան. -
Խարջ, դուշման, զօռով, եթիմ, մէյդան, խալխ, բօզ, բօզալուկ, է՜յ գիտի օրեր (հէ՜յ կիտի կիւնլէր ), հալբաթ, ղարաւաշ, բօստան, օդա, չոքիլ, ղօչաղ, թախտ, քուրք, համար, հերսոտ, ջահել, լաշ, նաշ (դիակ), հալա (հէլէ), ռանչպար, եւլն. ։ (Սասունցի Դաւիթ)։
Մուրազ, դուշման, գիւլլէ (գնդակ), ղօնաղ, զալում (զալիմ = բռնակալ), եւլն.։ (Թմկաբերդի առումը)։
Իգիտ, իգիտութիւն, բոյ, չօլ, անգիւման, դագէ, չօբան, հոնգուր-հոնգուր, ջիգեար, դարդ, ջան, փահլիւան, ադաթ, նամարդ, մէյդան, ղամէ, խանչալ, եսիր, չոքած, հերս (խըրս ), չիբուխ, հալալ, արխաջ, աղլուխ, բէզարած, բալքի, չոմբախ, արանքից, անչօբան, եարաբ, ազիզ, թայ, ամա՜ն, եւլն. (Անոյշ)։
Եւ դեռ՝ ուստա, քուրք, մուշտարի, համա համա, վախտ, համ-համ (հէմ)։ «Ա՜յ իմ խորոզ, կարմիր խորոզ»։ Նոյնիսկ թարգմանութեանց մէջ. - «Համ ինքն է խմում, համ նրանց տալիս » (Մարկօ) - «Խաղաղութեան չիբուխը » (Լոնկֆելլօ)։ Այս համ … համը (հէմ, հէմ = թէ՛… թէ՛… ե՛ւ, ե՛ւ) այնքան սովորական դարձեր է, որ կը հասնի նոյնիսկ «Դրօշակ»ի խմբագրականներէն (1895-1896) մինչեւ Ստ. Զորեան եւ ուրիշ խորհրդային գրագէտներ, - «Պատմում էր, որ համ սովորում է, համ ռոճիկ է ստանում, համ ալ կէս օրին», եւայլն։
Թումանեանէն, Ահարոնեանէն եւ Իսահակեանէն ցատկեցէք, օրինակի համար, Եղիշէ Չարենց.-
Դուքանչի, չունքի, ռեխ, մէյմուն, թամամ, թամաշա, չարխ, արաճա, ռանգ, բօզ, մասալ, խալխ, թախտ, հալա, հէչ, զօռով, մասխարա, հայվան, վախտ, եախէ, բիթուն, թօփ, քեասիբաւոր, թվանք, թազա, դուզ ա, խարջ, սհաթ, եսիր, հիսաբ, ռասդ, բօյ, բուս, խաթր, դուման, դաւար, եւայլն։

Կամ Ա. Բակունց (մէկը միւսէն անբախտ).-
Զիան, դաֆթար, դարսել, արանք, փէշ, դավար, քուրսի, ղոնաղ, գրազ բռնել, ջահել, բօստան, խալխ, խաբար, աղլուղ, եւլն. (Անձրեւ)։ Դուրգար, ուստա, դարդ-դարդի, խալխ, դուքան, թագաւորի թափխտը, զօռբա, եւլն. (Բագին)։

Եւ տակաւին բանաստեղծ Յ. Յակոբեան.-
«…Այն վայրերը լերկ ու բարբադ (պէրպատ), զառուզարբար» - Իմ Եղբայրները մե՜ծ օղլուշաղ»
Կամ Դ. Դեմիրճեան եւ միւսները։
Մէկ խօսքով, նոյն բառերն ու ասութիւնները նոյն ձեւերով ու քմայքով՝ մէկ սերունդէն միւսը։ Միեւնոյն սերունդին գրեթէ բոլոր գրոց-բրոցներու ստորագրութեամբ։
Կրնայի խօսիլ նաեւ բառերու հնչումի եւ ուղղագրութեան մասին, որ նոյնպէս կը մնայ անփոփոխ,- պարսկական եւ թաթարական։ Թուրքերն անգամ կոկած, կրթած են իրենց արտասանութիւնը։ Բարբարոս «խալխ»ին տեղ, որ «խալք»ի խաթարումն է, կ’ըսեն «հալք» (ժողովուրդ), «ղուրբան»ին փոխարէն՝ «գուրպան», «գուշ», «պահչէ», «էմանէթ», եւայլն։ Բայց այդ ուրիշ խնդիր է, կարօտ քննութեան։
* * *
Կը յիշեցնեմ.¬ Այս տեսութիւնը որ եւ է կապ չունի ոչ մատնանշուած հեղինակներու գրական-գեղարուեստական կամ լեզուական կարողութեան, ոչ ալ անոնց արտադրութեանց հիմնական արժէքին հետ։ Ես չեմ որ պիտի ժխտեմ հարիւր տարիէ ի վեր կտրուած ճամբուն խորութիւնն ու լայնութիւնը, բազմավաստակ եւ հոյակապ ստեղծագործութիւնները։
Յետոյ, թթու ազգասիրութեան կամ քարացած հայկաբանութեան տենչը չէ, որ տուն կուտայ այս խորհրդածութեանց։
Նպատակս,¬ մատնանշել երեւոյթ մը, որ անխափան կը շարունակուի հարիւր տարիէ ի վեր, իբրեւ տեսակ մը աւանդութիւն։ Երբ արմատապէս փոխուած է մեր ընկերային եւ քաղաքական կեանքը, բարձրացնելով ժողովուրդին մտաւոր մակարդակը եւ ընդհանուր մշակոյթը, լեզուն ինչո՞ւ լճացած պիտի մնար։
Ես կը խօսիմ օտար տիրապետութեան գործած աւերին մասին։ Այդ օտարն ալ՝ թուրք-թաթարականն է, ներկայ պարագային։ Գիտակցաբար դուրս ձգած եմ ռուսական-եւրոպականը, որ ուրիշ բան է, նոյնքան կսկծալի ու վրդովիչ։
Քաղաքական եւ ընկերային անկախութեան տարրական պայմաններէն մէկն ալ մայրենի լեզուի ազատագրումը չէ՞։ Արդէն լեռ ու ձոր կտրած ենք այդ ճամբուն վրայ։ Բայց, մե՞ղք է աւելին պահանջել, նոյնիսկ յանուն գեղարուեստի։
Մնաց որ, մեր մայրենի լեզուն այնքան աղքատ չէ, ուրիշին դուռը ափ առնելու համար։ Մանաւանդ հայրենիքի սահմաններուն մէջ։ Կարդացէք մեր ժողովրդական երգերը։ Կարդացէք նոյնիսկ նշանակուած հեղինակներուն այն զրոյցներն ու երգերը, որ յատկապէս մշակուեր են։
Լուսնակն անուշ, հովն անուշ,
Շինականի քունն անուշ։
... Ծագեց լուսնակ երկընուց,
Հովըւի փողն էր անուշ։
«Սարի սովոր, մեն մենաւոր,- Կանաչ առուով, ճաճանչ առուով» (Քելէր, ցոլէր)։ «Ամպել ա, ձուն չի գալի», եւայլն։
Ծիծեռնակը բոյն է շինում,
Ե՛ւ շինում է, ե՛ւ երգում (Ղ. Աղայեան)։
* * *
Բնական փոխառութեանց արդարացումն իսկ չունին մատնանշուած օրինակները։ Դարերու ընթացքին, մեր լեզուն ալ փոխ առած, մարսած, իւրացուցած է հարիւրաւոր բառեր, տիրապետող, դրացի կամ բախտակից ազգերէն։ Պակսածը՝ թուրք-թաթարական «իմարէթխանէ»ն չէ, որ պիտի լեցնէ, ինքն ըլլալով շատ աւելի կարօտ միջազգային ողորմութեան։
Տարօրինակ ախտանշան,- շատեր հոմանիշ, նոյնիմաստ, յաճախ սնամէջ օտար բառին մէջ աւելի երանգ, խորութիւն, համ եւ գեղեցկութիւն, փոխաբերական խազ կը գտնեն քան համապատասխան հայերէն բառին մէջ։ Ի զուր փորձած եմ համոզել պսակաւոր գրագէտ մը թէ տխրահռչակ «դուքան»ը մեր գիտցած «խանութ»ն է, կամ կրպակը, իսկ «դուքանչի»ն՝ խանութպանը (կամ փերեզակը), փոխաբերական իմաստով երկուքն ալ աւելի խորիմաստ քան թուրքերէնը։
Ինչո՞ւ «ազիզ»ը պատկերալից կը թուի եւ «ազնիւ»ը կամ «արի»ն կամ ուրիշ հոմանիշ մը՝ տժգոյն։
«Հասրա՞թ»ն աւելի սրտիդ կը խօսի թէ այնքան սարսռուն կարօտը, զոր ոչ մէկ եւրոպական բառով պիտի կրնային խտացնել։
Այս ի՜նչ թանկագին, անփոխարինելի բառ է եղեր ողորմելի «դարդ»ը (տէրտ), որ մոռացութեան տուեր է հոգը, վիշտը, մտմտուքը, ցաւը, եւ ուրիշ բառեր, համաձայն պարագային։ Թուրքն անգամ տառական իմաստէն աւելի բան մը չէ գտած անոր մէջ։
Հապա «բօ՞յ»ը, որ իր անճոռնի շուքը ձգեր է մեր արքենի «հասակ»ին վրայ, մինչեւ արտասահման հասնելով։
Ջիգեար, ջիգրու, -անշուշտ չի կրնար բառացի թարգմանուիլ, քանի որ ե՛ւ թոք է, ե՛ւ լեարդ, ե՛ւ սիրտ, այն երգերուն եւ արձակներուն մէջ ուր կը գործածուի։ Բայց, ո՞վ է բռներ բանաստեղծին եւ գրագէտին ձեռքէն, որպէսզի գտնեն համապատասխան բառը, համաձայն իրենց ներշնչումին, փոխանակ թութակաբար ծամելու, սերունդէ սերունդ փոխանցելու «ջիգեար»ը կամ նոյնքան գռեհիկ «ճիյէր»ը։ Աբովեան ինքը մերթ կ’աղաղակէ իր վէպին մէջ. - «բայց ա՜խ, իմ լերդս չորացած մնաց»։ Կամ «սիրտն ու թոքը այրած» (էջ 250) ։ Չէ՞ք յիշեր, ժողովրդական երգի մը մէջ, - «Գարուն ա, ձուն ա արել».
Քամին փըչում ա պաղ պաղ,
Լերդ ու թոքս անում ա տաղ։
Այս կարգէն բառ մը եւս, ջան (ճան), որ մինչեւ մեր ուղն ու ծուծը մտած, շատերուն խելքը գլխէն կը թռցնէ։ Իր ո՞ր արժանիքին համար «ջան»ը տանտէր է դարձեր մեր գրականութեան թէ առօրեայ խօսակցութեանց, ողբի թէ սիրաբանութեան մէջ, վարձակալի վերածելով հոգին - «հոգի՛ս» - որ ամբողջ սարսուռ է բովանդակութեամբ, խորութեամբ թէ տարածութեամբ, ինչպէս եւ ածանցումներով (հոգեհատոր, եւլն.)։ Ն. Քուչակ ի՜նչ պատկերներ ունի «հոգի»ով.-
«Տեսայ զիմ հոգոյս հոգին, զարդարած, ու կ’երթար ի ժամ»։
«Ես աչք ու դուն լուս, հոգի՛, առանց լոյս աչքն խաւարի»։
«Աս ձուկ ու դուն ջուր, հոգի՛, առանց ջուր ձուկն մեռանի»։
Ջահիլ, ջիւան (ճահիլ, ճիվան).¬ Խե՜ղճ մայրենիք։ Այս ո՜րքան թշուառացեր են զաւակներդ, որ օտարէն բառ կը մուրան, իրենց երիտասարդութիւնը, մատաղ հասակը, կանանչ արեւը, մատղաշը, ծաղկահասակը, դեռատին եւլն. փառաբանելու կամ ողբալու համար։ «Մեռնիմ գարունքիդ», դո՛ւն, «ծաղկած գարուն»։
Քոռանամ… «Երկու աչիցս լուսը կուրնայ, զաւակս», կ’ըսէր մեծ մայրիկս։ Եթէ ուրիշներ «քորանամ» կամ «քէօրնամ» ըսեր են եւ կ’ըսեն, ամբո՞խն է, որ իրաւաբար պիտի կանգնի, թէ արուեստագէտը։ Վկայ ՝ դարձեալ աննման Քուչակը,- «Կուրնա՜ր չարկըմնուն աչուին, որ պահեն քեզ յիսմէ օտար»։
«Ղուրբան»,- ի՜նչ «գուրպան»ններու մատաղ եղանք ազգովին։ Եւ տակաւին…
«Բիւլբիւլ»ը անշուշտ իր ետեւէն պիտի բերէր «սմբուլ»ը (զիւմպիւլ)։ Կ’ընդունիմ թէ հայացած «պլպուլ»ը երբեմն աւելի անուշ կը հնչէ քան «սոխակ»ը, եւ «սմբուլ»ը աւելի սահուն է քան «յակինթ»ը։ Բայց ինչո՞ւ սա բարբարոս «բայղուշ»ը։ Չարաշուք «բու»ն ձեր աչքին առջեւ մարմնացած չէ՞ք տեսներ, բառն իսկ արտասանած ատեն։ (Բուի մասնաւոր տեսակ մը՝ «կասկամ»)։
Տակաւին քանի՞ տարի պիտի հերկենք, պիտի երգենք հարեւանին «բաղ»ն ու «բաղչա»ն, «բոստան»ն ու «չայիր»ը։ Երգածդ պարտէ՞զ է, այգի՞, ածո՞ւ, բուրաստա՞ն, ծաղկաստա՞ն, մրգաստա՞ն թէ այգեստան։
Նաղաշ Յովնաթան, նոյնպէս թրքախառն, այսպէս կը սկսի «Տաղ Սիրոյ» երգը. «Նոր ծաղկեցաւ այգին, եկել է գարուն»…
Անշուշտ սա հռչակաւոր «բաղ»ն է այս այգին, թէեւ աշուղը նորէն օրուան հովերուն հետեւելով, կը շարուանակէ.
Պաղչի դուռըն բաց է, այս է լաւ վախտը։
Գոհար մը՝ Վաղարշակ Նորենցէն (նորերէն).
Դեղձան է արտը, դեղնել է մարգը, ոսկիէ այգին։
«Իգիտ»,- ուրեմն մեր հարազատ, սեւաչուի «կտրիճ»ը, «քաջ»ը, «արի»ն, «տղամարդ»ը, «կորիւն»ը պատն երեսին ստիպուած են բարեւի՜ կենալ ոեւէ տնաբոյս «իկիտ»ի առջեւ։
Հարցում,- Մեր դրացի ու բախտակից ժողովուրդներէն մէկն ու մէկն ալ ¬ Վրացի, Ազէրի, եւլն. ¬ գոնէ հինգ բառ փոխ առա՞ծ է մեր գանձարանէն, որ, ամէն պարագայի մէջ, շատ աւելի ճոխ է, գունագեղ եւ ճկուն։
Մեր ճակտի՞ն գրուած է մեծապատիւ մուրացկանութիւնը, գրականութեան մէջ ալ։

Բացառիկ

Տեսանիւթեր

Նոր տեսահոլովակներ!

Փոխարժէք

Լրատու

Անուն:
E-mail:

Այցելուներ

Այս պահուս մենք ունինք 39 հիւրեր 

κατοχυρώσεις ονομάτων.....