Ուրբաթ, 17 Փետրուար 2012 11:49
Դասաւորում - Յօդուածագրութիւն
1914-էն մինչեւ 1921, հայրենիքի հայութիւնը աննախընթաց դժնդակ կեանք մը ապրեցաւ։
Ենթարկուեցաւ ցեղասպանութեան, կամաւորական կորովի շարժումներով ինքնապաշտպանութեան պայքարներ մղեց ցեղասպան թուրքին դէմ եւ հակառակ այս բոլոր տառապանքներուն, կարողացաւ 1918 Մայիս 28-ին ազատագրել հայրենիքը ու ազատ ու անկախ պետականութիւն կերտել։ Անկախութիւն մը, որ սակայն հազիւ երկու տարի տեւեց։ Թրքական յարձակումներէ պաշտպանուելու մտածումով, պարտաւորուեցաւ 1920 Դեկտեմբեր 21-ին Խորհրդային Միութեան համայնավարական վարչակարգին ենթարկուիլ։ Այս անգամ ալ սակայն, պոլշեւիկեան բռնակալութեան տակ հայ գիւղացիութիւնը եւ մանաւանդ մտաւորականութիւնը աքսորի եւ տառապանքներու տակ գտնուեցան։
Պոլշեւիկները սկսան հայրենիքէն ներս ամէն տեղ ահ ու սարսափ տարածել եւ արիւն հոսեցնել, այն համոզումով, որ իրենց այս սեղմումներով պիտի կարողանան պարտադրել հայութեան իրենց վարչակարգը, յենարան ունենալով իրենց հիւսիսի մեծ պետերը։
Ստեղծուած այս անտանելի ու մահասփիւռ կացութեան դէմ, հայրենիքի հայութիւնը միակամ, 1921 Փետրուար 18-ին, պոռթկումով մը կարողացաւ դուրս քշել Հայաստանէն պոլշեւիկեան ուժերը, որը պոլշեւիկեան բռնատիրութեան դէմ հայութեան առաջին ընդդիմութիւնը հանդիսացաւ եւ մեր ժողովուրդի ազատ ապրելու եւ հաւաքական կամքի ուժը արտայայտեց։
Այսպիսով, անգամ մը եւս մայրաքաղաք Երեւանը Եռագոյն դրօշներով զարդարուեցաւ եւ Սիմոն Վրացեանի գլխաւորութեամբ ազատ եւ անկախ պետականութիւն կերտեց։
Այս ալ հազիւ 43 օր տեւեց։ 1921 Ապրիլ 2-ին, հիւսիսէն եկած պոլշեւիկեան հզօր ուժերը վերատիրացան Հայաստանի եւ 70 երկար տարիներ Հայաստան պոլշեւիկեան տիրապետութեան տակ մնալէ ետք, 1991 Սեպտեմբեր 21-ին, պոլշեւիկեան վարչակարգի փլուզումով, Հայաստան երկրորդ անգամ ըլլալով ազատ ու անկախ պետականութիւն դարձաւ։
Կ. Գ