Երկուշաբթի, 20 Փետրուար 2012 11:02
Դասաւորում - Յօդուածագրութիւն
Վերջին քանի մը օրերուն՝ «Ազատ Օր»ի մէջ լոյս տեսան երկու գրութիւններ.- Նախ՝ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Շրջանային Ժողովին, ապա նաեւ յունահայոց առաջնորդ գերշ. Խորէն եպս. Տողրամաճեանի կողմէ:
Առաջինով, Յունաստանի Հ.Յ.Դ.ի կազմակերպութիւնը կը յայտարարէր իր վճռականութիւնը՝ չընկրկելու դժուարութիւններու դիմաց եւ յանձնառու կը դառնար որեւէ զոհողութեան, որպէսզի երկիրը հարուածող տնտեսա¬ կան աննախընթաց ճգնաժամը ճակատագրական աղէտի չվերածուի հայակրթութեան համար:
Երկրորդը՝ նոյնպէս վճռական, այլեւ իր բովանդակութեամբ սրտառուչ կոչ մըն էր մեր վարժարանները փրկելու համար, ուղղուած յունահայութեան, որուն միաժամանակ կը փոխանցէր Հեռախօսային դրամահաւաքի (ֆոնէթոն) ձեռնարկելու Ազգ. Վարչութեան որոշումը, որպէսզի գաղութային զօրաշարժով մը կարելի ըլլայ մատակարարել դպրոցներուն տնտեսումը, որ ներկայիս անելի մատնուած է պետական վճարումներուն սառեցման հետեւանքով:
Հին սերունդը իբրեւ ժառանգ յետնորդներուս, մեզի թողած է անփոխարինելի հարստութիւն մը.- Հաւատքի ժառանգը:
Թէ առաջին յայտարարութիւնը եւ թէ առաջնորդ սրբազանին գրիչով բանաձեւուած Ազգ. Վարչութեան կոչը էութեան մէջ կը փաստեն մեր կառչածութիւնը հին սերունդի թողած աւանդին.- Հաւատքի ժառանգին:
Ի զուր չէ տրուած յաւերժական պատգամը.- Հաւատք քո կեցուսցէ զքեզ…
Հաւատքդ կը պահէ, կ'ապրեցնէ քեզ…
Այդ ժառանգն էր, որ տարիներու երկայքին պահեց - ապրեցուց մեզ իբրեւ գաղութ եւ իբրեւ կազմակերպուած համայնք:
Պատասխանատուները ունին աներեր հաւատք այն մասին, որ դպրոցները որպէս կառոյց ու հայակրթութեան օճախ, գաղութի լինելութեան երաշխիքն են ու գոյութեան հիմնաքարը: Անոնց ու բոլորիս այս հաւատքն է, որ պիտի պահէ դպրոցները:
Մեր վարժարանները մեզմէ անջատ հաստատութիւններ չեն, այլ անբաժանելի մասնիկն են մեր ու գաղութի էութեան:
Մեր դպրոցները բազմահազար շրջանաւարտներն են, որոնք հասակ առին հոն, շնչեցին ու աճեցան եւ նկարագիր կազմեցին:
Մեր դպրոցները ներկայի աշակերտներն են, ու տակաւին՝ ապագային ծնելիք մեր զաւակներուն-թոռներուն ջերմանոցն են: Կը նշանակէ, որ մեր դպրոցները մենք ենք, բոլորս, գաղութը իր ամբողջութեանը մէջ, մեծ ու փոքր կառոյցներով ու կազմակերպուածութեամբ:
Եւ ինչ որ պիտի տանք անոնց համար, մենք մեզի համար տուած պիտի ըլլանք:
Գաղութը կազմակերպ ու հայրենակարօտ միաւորի վերածուեցաւ շնորհիւ մեր դպրոցներուն, որոնց հիմնադրման տարիները անբաղդատելիօրէն շատ աւելի վատ էին պայմանները, քան ինչ որ են այսօր: Գաղթավայրերու բնակիչ, պատառ մը հացի կարօտ, ներկայի ու ապագայի անորոշութեան մղձաւանջով ապրող հայ մարդիկ էին, որոնց վերապրումը հրաշք էր արդէն եւ այդ հրաշքին մէջ երկրորդ հրաշքը գործեցին դպրոց-եկեղեցի կառուցելով եւ յարակից գործօններ հաստատելով:
Ինչպէ՞ս եւ ինչո՞վ կատարուեցաւ այդ հրաշքը.- Հաւատքի ուժով եւ հայակրթութեամբ:
Ահա թէ ինչպէս մեր նախորդները դժուար վաստկած իրենց պատառ մը հացէն բաժին հանեցին հայ դպրոցին համար, իբրեւ գրաւականը հայատեւումի եւ անիկա իբրեւ աւանդ յանձնեցին մեր գուրգուրանքին:
Ահա նաեւ թէ ինչու Ազգ. Վարչութիւնը անյետաձգելի կը նկատէ այդ աւանդը չվտանգելու խնդիրը եւ կը դիմէ ազգայիններուն, որ իբրեւ օրահրաման ընդունին դրամահաւաքի կոչը եւ ընդառաջեն անոր՝ սրտով ու գիտակցութեամբ, հակառակ ներկայի տնտեսական շատ դժուար պայմաններուն ու անորոշութեան:
Թեւ ու թիկունք ըլլանք Ազգային Վարչութեան,
Որպէսզի յաջողութեամբ պսակուի հեռախօսային դրամահաւաքը,
Որպէսզի մեր վարժարաններուն սպառնացող վտանգը խափանուի:
Հաւատարիմ ըլլանք մեզի փոխանցուած ժառանգին:
Այսօր եւ վաղը:
Միհրան Քիւրտօղլեան