Չորեքշաբթի, 22 Փետրուար 2012 09:25
Դասաւորում - Յօդուածագրութիւն
Երէկ էր կարծես. կը յիշեմ այն առաւօտը երբ մենք, նախակրթարանի աշակերտներ, աղօթքի համար շարուած էինք մեր դպրոցի բակին մէջ, երբ պրն. Տնօրէնը տոմարին մէջէն սկսաւ կարդալ անունները այն աշակերտներուն, որոնք իրենց ամսաթոշակը, կամ ամսաթոշակները, վճարելու պարտականութեան մէջ թերացած էին:
Կը կարդար անունները եւ պարտական ամիսները. Սեպտեմբեր, Հոկտեմբեր, Նոյեմբեր...շեշտելով որ ստիպուած էր ետ տուն ղրկել զանոնք, որպէսզի փութացնեն իրենց ամսավճարը, քանի որ դպրոցը նիւթական դժուարութիւններ կը դիմագրաւէր..:
Շատ մը աշակերտներ գլուխը կախ եւ սրտատրոփ կը սպասէին. պիտի լսէի՞ն արդեօք իրենց անունը: Կային ուրիշներ ալ որոնք խծբծանքով եւ քմծիծաղով աչք կը խփէին իրարու. կ’աղմկէին:
Այո՛. կարդաց նաեւ իմ անունս. պարտազանցներուն մէջ էի դժբախտաբար:
Արցունքներս զսպելով ետ տուն գացի: Մայրս շուտով հասկցաւ եղելութիւնը. Հայրս ալ հոն էր : Բան չըսաւ...:
Հեծկլտալով ըսի.
-Եթէ ամսականս չտանիմ, ետ դպրոց չեմ երթար:
Զիս համոզելու փորձերը, թէ յաջորդ շաբաթ անպայման պիտի կարգադրուէր հարցը, թէ, թէ, թէ, ի թերեւ ելան..:
Պահ մը ետք հայրս ու մայրս սենեակ մտան. բաներ մը կը փսփսային իրարու. լաւ չէի լսեր. չհասկցայ ի՞նչ կ’ըսէին իրարու. բայց լաւ կը յիշեմ այն պատկերը, որ անջնջելի դրոշմուած է մտքիս մէջ, երբ հայրս առանց բան մը ըսելու դուրս եկաւ տան դռնէն եւ շատ չանցած վերադարձաւ. մտաւ սենեակ եւ գրպանէն տրորուած, կանաչագոյն թղթադրամներ հանեց. անոնցմէ մաս մը մօրս տուաւ եւ մաս մըն ալ դրաւ այն փոքր տետրակին մէջ, ուր կ’արձանագրուէին մեր ամսական վճարումները: Երկարեց ինծի եւ ծանր ձայնով ըսաւ.
-Ա՛ռ աղջիկս. դպրոցիդ համար է..:
Թէեւ գոհ էի որ ետ դպրոց կ’երթայի, թանկագին պարունակութեամբ տետրը ամուր սեղմած ափիս մէջ... բայց ուրախ չէի. որովհետեւ գիտէի որ տարօրինակ բան մը անցաւ դարձաւ այդ սենեակին մէջ... հարցականներ ունէի, որոնք կը չարչրկէին զիս եւ որոնց պատասխանը չէի կրնար տալ եւ մինչեւ այսօր, ճշգրիտ եղելութիւնը չեմ գիտեր, այլ կ’ենթադրեմ միայն..:
Այս պզտիկ պատմութիւնս պատմութիւնն է շատ շատերու. իմ տարեկիցներուս, ընկերներուս: Քաղցրացած դառնութեամբ լեցուն:
Յետպատերազմեան ժամանակաշրջանն է: Դժուար, դժնդակ տարիներ. Երբ մեծ մայրիկին կարած լաթէ պայուսակով, հալումաշ կօշիկներով, ճերմակ օձիքով սեւ գոգնոցներով ,ցեխոտ ճամբաներէն դպրոց կ’երթայինք: Հայրս մէկ մատիտը կը կիսէր, մէկ կէսը եղբօրս կու տար, միւս կէսը ինծի: Յաճախ, մէկ ու միակ դասագիրքը, ձեռքէ ձեռք անցընելով դասարանի բոլոր տղաքը դաս կը սորվէին: Վերջիննե՞րը, առանց դաս սորվելու կու գային դպրոց:
Այսպիսի զրկանքներով եւ զոհողութիւններով, հայ ծնողքը դպրոց պահեց, իր զաւակը հայկական դպրոց առաջնորդեց եւ ուր պատուական ուսուցիչներ, խղճալի պայմաններու մէջ, հայեցի դաստիարակութիւն ջամբեցին. ազգային եւ մարդկային բարձր արժէքներով եւ իտէալներով տոգորուն, իրենց հայութեամբ եւ իրենց դպրոցով հպարտ սերունդներ հասցուցին:
Իրօք՝ թէ մեր վարժարանները իրենց հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն տնտեսական շատ լուրջ դժուարութիւններ դիմագրաւած են:Շատ յաճախ անոնց մատակարարման եւ գոյութեան հարցը խնդրոյ առարկայ դարձած եւ սեղանի վրայ դրուած է. սակայն միշտ ալ, շնորհիւ պատասխանատու մարմիններու դպրոցները կանգուն պահելու վճռակամութեան, ճիգերուն ու միջոցառումներուն, մեր ժողովուրդի անվերապահ զօրակցութեան, պաշտօնէութեան ցոյց տուած հասկացողութեան, եղած խնայողութիւններուն, կարելի եղած է մազապուրծ փրկել կացութիւններ եւ ապահովել անոնց գոյութիւնը:
Ժամանակները յարափոփոխ են. կեանքի մէջ ոչինչ կայուն է եւ տեւական: Կեանքը իր ամառներով ու ձմեռներով ու մեզի վերապահած անակնկալներով: Եկաւ ժամանակ, որ Յունաստան եւ յոյն ժողովուրդը տակաւ առ տակաւ թօթափեց յետ պատերազմեան թշուառութիւնը: Յաջորդեցին փարթամ, բարգաւաճ, բարօր տարիներ: Մենք եւս, որպէս այս երկրին գործօն քաղաքացիները եւ թէ որպէս գաղութ, անմասն չմնացինք տիրող պայմաններուն, թէեւ մեծ դժուարութիւններով, յարատեւ, անխոնջ եւ յամառ ճիգերով, կարողացանք մեր դպրոցներուն համար ապահովել պետական օժանդակութիւն, որով բարելաւուեցաւ մեր վարժարաններու ընդհանուր գործընթացը:
Սակայն ծայր տուող շռայլութիւնը, սանձարձակ մսխումները, երկրին հարստութեան անխոհեմ մատակարարումը եւ արտաքին անբարենպաստ պայմանները, երկիրը առաջնորդեցին սնանկութեան դուռը, մեր բոլորին ծանօթ եւ տակաւին անծանօթ հետեւանքներով..:
Տիրող այս անել կացութեան, անմասն չմնաց կրկին մեր գաղութը, իր կառոյցներով եւ իւրաքանչիւր հայ ընտանիք, առաւել կամ նուազ չափով: Գլխաւոր տուժողները սակայն,հայակերտման մեր ամրոցները եղան. մեր դպրոցները, որոնք վերջնականապէս իրենց դռները փակելու սպառնալիքին ենթակայ են այսօր,եթէ զանոնք փրկելու անհրաժեշտ շուտափոյթ եւ հատու տնօրինումներ չըլլան. տրուած ըլ-լալով, որ պետական օժանդակութիւնը առկախուած է, անորոշութեան մէջ կը տուայտի եւ վարժարաններուն պատասխանատու մարմիններու այդ ուղղութեամբ ճիգերն ու միջոցառումները չեն արդիւնաւորուած ցարդ դժբախտաբար:
Փրկութեան միակ լաստ ու ապաւէն կը մնայ կրկին, ինչպէս միշտ, մեր ժողովուրդի նիւթական ու բարոյական զօրակցութիւնը: Ազգային Վարչութիւնը, Հ. Կ. Խաչը եւ յարակից կառոյցները, կը կազմակերպեն հեռաձայնային կապի ճամբով «ֆոնեթոն»ի հանգանակութիւն, ի նպաստ մեր վարժարաններու փրկութեան եւ տեւականացման:
Քանի՜ - քանի՜ անգամներ իրաւ, նոյն այս ժողովուրդը ընդառաջած է իրեն եղած կոչերուն եւ տուած է. կու տայ, եկեղեցիին, դպրոցին, հայրենիքին եւ հոն ուր կարիքը կայ իր լումային:
Մեր ժողովուրդը կարծր ժողովուրդ է. տոկուն, ամուր եւ միանգամայն զգայուն ու մեծհոգի: Աւեր ու արհաւիրք տեսած ժողովուրդ է. տառապանքը, դժուարութիւնները չեն ընկճեր զայն. Ընդհակառակը ուժ ու կորով կը ներշնչեն. հաւատքն ու կամքը կը կռանեն յաղթահարելու համար դժուարութիւնները: Մեր ժողովուրդը շինարար է. կը կառուցէ. դպրոցներ կը շինէ. դպրոցներ չի՛ քանդեր. քարէն ջուր կը հանէ,
«Ժայռից վանք կը կերտէ,
Քարից ձուկ կը շինէ,
Կաւից մարդ կը սարքէ,
Լաւին ու վսեմին համար կÿաշխատի»:
Եւ վստահ ենք որ ինչպէս անցեալին, այս անգամ եւս, յունահայ պատուական ժողովուրդը պիտի ընդառաջէ իրեն եղած հրաւէրին եւ իր լուման պիտի ընծայէ որպէսզի շարունակուի Ա. Բ. Գ.-ի դասը , որպէսզի ՀՆՉԷ ՀԱՅ ԵՐԳԸ, որպէսզի վառ պահուի ՀԱՅԿԵԱՆ ՈԳԻՆ, մեր նորահաս սերունդին մտքին ու հոգիին մէջ:
Մեր երէկը եւ այսօրը. թոյլ պիտի տա՞նք մենք մեզի զրկել մեր թոռներն ու զաւակները հայ վար-ժարանի հոգածու հովանիէն ու հայաշունչ մթնոլորտէն:
Թոյլ պիտի տա՞նք մենք մեզի, ըլլալ հայ վարժարաններու երկար տարիներու երթը կասեցնող ուժը , դասալիքները: Ո՛չ ամենեւին ո՛չ: Ի վերջոյ մեզմէ ուզուածը մեր հոգիին պարտքը չէ. այլ մեր լուման: Չնչին մաս մը մեր ունեցածէն:
Եկէք չզլզնանք այդ լուման եւ բոլորս միասին միակամ, մասնակցինք դրամահաւաքին մեր կարողութեանց եւ կարելիութեանց սահմաններուն մէջ: Չմոռնանք որ անծայրածիր ովկիանոսները կաթիլներէ կազմուած են..:
Կանգուն պահենք մեր գաղութի հպարտութիւնը եղող, հայապահպանման, հայակերտման մեր դարբնոցները: Եւ կը կարծենք, որ արդար է ըսել այս առթիւ, որ մեր վարժարանները պարտական են յունահայ ազնիւ ժողովուրդին, որ գիտակցելով եւ հաւատալով անոնց վերապահուած դերին ու կարեւորութեան, յատուկ գուրգուրանք ցոյց տուած է միշտ, անոնց կողքին գտնուած, նեցուկ եղած եւ սատարած նիւթապէս եւ բարոյապէս: Մեր վարժարանները պէտք է եւ կրնան իրենց պարտքը հատուցանել հանդէպ ժողովուրդին, միայն ու միայն, երբ անոնք՝ խղճմտութեամբ, առանց զիջումներու, լիովին ծառայեն այն նպատակին, որուն համար կոչուած են:
Եկէք, բոլորս մասնակցինք դրամահաւաքի արշաւին եւ սիրով ու սրտանց ընծայաբերենք մեր լուման, ըսելով.
Տանք, որքան որ կրնանք:
Մեր տղոց դպրոցին համար է: Մե՛ր դպրոցին համար է: Հա՛յ դպրոցին համար է:
Շաքէ Էլմասեան