Ուրբաթ, 18 Մայիս 2012

Հ.Մ.Ը.Մ.՝ Մարդակերտումի եւ հայակերտումի դարբնոց

ՏպելԷլ.փոստ

Դասաւորում - Յօդուածագրութիւն

(Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան 94-ամեակին առիթով)

Իննիսուն եւ չորս տարիներ առաջ, ահաւոր նախճիրէն, ցեղասպանութեան արիւնաթաթախ ամայքներէն ու Միջագետքի հրաշէկ անապատներէն ու գերեզմաններու ամէնէն դժոխայիններէն յարութիւն առած ու նոր տուն վերադարձած, կիսամերկ ու անօթի, հայ կեանքի խանդավառ օրերուն, խումբ մը գաղափարապաշտ հայորդիներ, որոնք մեր ժողովուրդի գալիքով մտահոգ, 1918 Նոյեմբերին,

Պոլսոյ մէջ պիտի կոթողէին յաղթանակի եւ վերածննդեան ծածանող դրօշը, աստուածատուր եւ մեսրոպագիւտ հայոց այբուբենի փողփողուն տառերով ՀԱՅ ՄԱՐՄՆԱԿՐԹԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ը։
Պատմութեան համար թուականները նշանակութիւն չունին եթէ յատկանշական հանգրուաններ չեն կազմեր անոնք այդ պատմութեան էջերէն ներս։
Միութեան կազմութեան գաղափարը արդէն իսկ կար հիմնադիրներու մտքին մէջ երբ կեանքի կը կոչուէր մարզական այս միութիւնը երբեմնի Օսմանեան մայրաքաղաքին մէջ, հետեւաբար, հրամայական կարիքի մը արդիւնք էր անոր հիմնադրութիւնը եւ ոչ թէ պարագայական անհրաժեշտութիւն մը։
Արդարեւ, ամէն մէկ ամեակ անկասկած յաղթանակի տօն է այսօր ժողովուրդի մը համար, որ իր հարազատ զաւկին մէջ կը տեսնէ ու կը վկայէ վերյայտնութիւնը իր անցեալին, իր արժէքներուն ու իր փառքին։ Համաշխարհային Ա. պատերազմը խորտակած էր հայ երիտասարդութիւնը ու ընկճած անոր մարմինն ու հոգին։ Սերունդ մը պէտք էր գար մտքով ու մարմնով առողջ որպէսզի կարելի ըլլար մտածել հայութեան վերականգնումի ու վերապրումի մասին։ Ահա թէ ուրկէ ծագում կþառնէր մարզանքն ու սկաուտութիւնը մէկ կազմակերպութեան մը մէջ միաւորելու գաղափարը, որովհետեւ մարզանքը հոգիով ու մտքով առողջ սերունդ մը պիտի պատրաստէր իսկ սկաուտութիւնը այս սերունդը պիտի դաստիարակէր գիտակցութեան, նուիրումի եւ հայրենասիրութեան ոգիով։ Ահա այս մտասեւեռումն ու իտէալն էր որ կեանքի կոչեց Հ.Մ.Ը.Մ.ը։
Քաղաքական փոթորկալից ու աննպաստ պայմաններու եւ ժամանակներու մէջ հայ ժողովուրդի երկունքէն ծնած ու պատմութեան թատերաբեմ նետուած Հ.Մ.Ը.Մ.ը, պատմութեան էջերուն մէջ չմնաց ու պատմութիւն չդարձաւ, այլ պատմութիւն կերտեց, սերունդներ կրթեց ու դաստիարակեց ու այդ «կամաւոր բանակ»ները պատրաստեց այսօրուայ հայրենիքին համար։ Ամէն մէկ կակուղ թաթիկ, մրջնիկ, գայլիկ, սկաուտ, արենոյշ կամ վարիչ պատասխանատու, որոնք անցան իր շարքերէն, կրնան անվերապահօրէն հաստատել, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը իրենց համար սովորական միջավայր մը չեղաւ, մարդերու համախմբում մը չդարձաւ այլ դարձաւ դպրոց մը, օճախ մը, դարբնոց մը մարդակերտումի եւ հայակերտումի, որ նորահաս սերունդներուն ներարկեց ազգային բարձր ոգի ու հայրենաբնակ իտէալներու իրականացման պատմուղիով անսայթաք ընթանալու խորունկ գիտակցութիւն։ Հ.Մ.Ը.Մ.ը որպէս մեր կեանքի հրաշքներէն մէկը, այնուհետեւ շուտով պիտի ընդարձակուէր ու փրկարար շարժումի մը պիտի վերածուէր ու իր Եռագոյն դրօշի ծալքերուն տակ համախմբուած երկսեռ երիտասարդութեան ճամբով, գաղափարապաշտ ոգիով ու նախանձ առթող յաղթանակներով եւ մանաւանդ գործով, խօսո՛ւն գործով պիտի  դառնար «կամք անսասան, կամք անվեհեր» ու իր վսեմ նշանակին ու նշանաբանին թեւերուն տակ բոլորուած երիտասարդութեամբ պիտի քալէր Սփիւռքի ճամբաներէն որպէս «շրջուն հայրենիք» իր «Յառաջ, նահատակ» քայլերգով, իր յաւերժախօս պատգամով ու միշտ բարձրանալու եւ բարձրացնելու աննկուն կամքով պիտի գրէր իր պատմութիւնը։  Սկաուտական թէ մարզական իր խրոխտ շարքերով Հ.Մ.Ը.Մ. պիտի դառնար ջերմ գուրգուրանքի ու անխառն հոգածութեան առարկայ, որովհետեւ մեր ժողովուրդը իր հարազատ զաւկին մէջ պիտի տեսնէր երբեմնի նաւասարդեան մարզահանդէսները, բանակումները, խարու-կահանդէսները, յաջորդական փառատօներն ու շահած յաղթանակները։ Հ.Մ.Ը.Մ. իր այս փառքով պիտի դառնար մեր ինքութեան միւռոնապատ աւազանը, մեր օրերու Պրոպատիկէն, որուն ջուրով մեր ժողովուրդը պիտի սրբէր իր ճակատը, հայութեան ու հայրենիքին ծառայելու անմնացորդ հաւատքով ու կամքով։
94-ամեակի այս օրերուն, երբ ուրուագծային անդրադարձումով մը կը փորձենք վերարժեւորումը ընել Հ.Մ.Ը.Մ.ի տասնամեակներու գործունէութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ը կուգայ ըսելու մեզի, որ անժառանգ մնալու դատապարտուած միութիւն մը չեղաւ ինք, այլ դարձաւ յաւիտենականութեան ճամբաներու անխոնջ ուղեւորը ու մեր վերանորոգ կամքին արտայայտութիւնը։ Փաստը՝ մեր կենսունակութեան, գրաւականը՝ մեր անմահութեան։
94-ամեայ յանձնառութիւն։ Երկար ու դժուարին ճամբայ, ուրկէ անցաւ Հ.Մ.Ը.Մ. իր հիմնադրութենէն մինչեւ այսօր։
Հայրենիքին համար ծնունդ առած ու կեանքի կոչուած ու հայրենիքին ծառայելու կոչումով ճամբայ ելած Հ.Մ.Ը.Մ.ը շօշափելի իրականութիւն է այսօր հայրենիքէն ներս։ Չերազներու, Քաջունիներու եւ Խոյեաններու երազը կեանք զգեցած է հայրենի հողին վրայ, որուն տեսիլքով ապրեցան անոնք ու այդ երազի իրականացման ճամբուն վրայ իրենց աչքերը փակեցին։ Հայրենիքի վերանկախացումէն անմի- ջապէս ետք, Հ.Մ.Ը.Մ.ը եղաւ առաջին կազմակերպութիւնը, որ իր սկաուտական տարազով ու Եռագոյն փողկապով պաշտօնապէս մուտք գործեց հայրենիք ու Ծաղկաձորի բարձունքին, Արարատի յաւերժախօս նայուածքին տակ իր ձեռքով կոթողեց հայ ժողովուրդի ազատութեան դրօշը՝ յաղթապանծ Եռագոյնը։
Հ.Մ.Ը.Մ. հոն է այսօր, մայր հողին վրայ, Սեւանի ափին ու Արարատի ստորոտին, որ իր նոր բոյնը կը շինէ ու կþերգէ.- «Ազատ հայրենիք, հզօր հայրենիք, իմ նոր հայրենիք»։
Խորապէս համոզուած ենք, որ 94-ամեայ յանձնառութեամբ գօտեպինդ, Հ.Մ.Ը.Մ. ներկայի իր համագաղութային լայնացանց կառոյցով ու գալիքի նոր յանձնառութիւններով պիտի շարունակէ իր նուիրական դերն ու առաքելութիւնը, փառքի նոր դափնիներ աւելցնելով զինք ծնող ժողովուրդի ճակտին։
Յառա՜ջ, մի՛շտ յառաջ...
Թող յաւէ՜տ օրհնեալ ըլլայ յիշատակը երիցս երանեալ հիմնադիր ռահվիրաներուն եւ փառք ու պատիւ Հ.Մ.Ը.Մ.ին։


ՎԱՐԱԳ Ա. ՔՀՆՅ. ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Բացառիկ

Տեսանիւթեր

Նոր տեսահոլովակներ!

Փոխարժէք

Լրատու

Անուն:
E-mail:

Այցելուներ

Այս պահուս մենք ունինք 72 հիւրեր 

κατοχυρώσεις ονομάτων.....