Դասաւորում - Յուշատետր
Չորեքշաբթի, 22 Փետրուար 2012 09:55
Երէկ՝ 21 Փետրուարին, քաղաքակիրթ մարդկութեան հետ հայաշխարհը եւս տօնեց «Մայրենի լեզուի միջազգային օր»ը։
21րդ դարու նորամուծութիւններէն է մայրենի լեզուներուն յատուկ Օր նուիրելու համաշխարհային նախանձախնդրութիւնը։
21 Փետրուարը իբրեւ «Մայրենի Լեզուի Միջազգային Օր» հռչակելու որոշումը կայացուց ԵՈՒՆԵՍՔՕն՝ Միացեալ Ազգերու Կրթական, Գիտական եւ Մշակութային Կազմակերպութիւնը (United Nations Educational, Scientific and Cultural Organization)։
Դասաւորում - Յուշատետր
Երեքշաբթի, 21 Փետրուար 2012 11:18
21 Փետրուարի այս օրը կը լրանայ ծննդեան 75ամեակը վաւերագրական շարժանկարի աշխարհահռչակ վարպետներէն՝ հայ տաղանդաւոր բեմադրիչ, նկարահան, բեմագրող եւ արուեստաբան Միքայէլ Վարդանովի։ Ան եղաւ հայ ժողովուրդի ու Հայաստան Աշխարհի հոգին՝ մարդկայնական շունչն ու հմայքը, մշակութային որակն ու գեղարուեստական հարստութիւնը խորաթափանց իր ոսպնեակով անմահացուցած վաւերագրական շարժանկարի արուեստին երախտաշատ վարպետը։
Դասաւորում - Յուշատետր
Երկուշաբթի, 20 Փետրուար 2012 11:29
20 Փետրուարին, հարիւրերեք տարի առաջ՝ 1909ին, Ալվարի (Թաւրիզ) մէջ, յանուն Պարսկական Սահմանադրական շարժման յաղթանակին, երիտասարդ իր կեանքը զոհաբերեց հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժման եզակի դէմքերէն Մարտիրոս Չարուխճեան։
Դասաւորում - Յուշատետր
Ուրբաթ, 17 Փետրուար 2012 10:43
«Ազատութիւնն ամէնէն մեց բարիքն է մարդուն համար, եթէ գիտէ զայն գործածել։ Իսկ երբ ազատութիւնն ընդունող ժողովուրդը տղայ է եւ խաղալիկ մը կը կարծէ զայն, այն ատեն ազատութիւնն ամէնէն ձախող արդիւնքները կրնայ ունենալ։ Վկայ է պատմութիւնը։
Դասաւորում - Յուշատետր
Չորեքշաբթի, 15 Փետրուար 2012 11:44
Այսօր՝ Փետրուար 15ին, ծննդեան տարեդարձն է հայ գրականութեան տաղանդաշատ դէմքերէն Ռուբէն Սեւակի, որ միայն 30 տարի ապրեցաւ. չկրցաւ լրիւ կենսագործել ու լիարժէք արդիւնաւորել Արդարութեան եւ Ցասումի երգը հնչեցնելու իր կոչումն ու առաքելութիւնը, որովհետեւ ցեղասպանը բրտօրէն կտրեց կեանքին թելը, բիւրաւոր մեր նահատակներուն հետ, նաեւ Ռուբէն Սեւակի։
Page 1 of 33